ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջերս Թուրքիոյ հարաւարեւելեան նահանգներուն մէջ զինուորականներու եւ ոստիկաններու վրայ կատարուած ահաբեկչական յարձակումներուն շարքին հատ մը եւս աւելցաւ Յուլիս 27ի գիշերը։ Արդարեւ, Մուշի Մալազկերտ գաւառակին մէջ յարձակումի ենթարկուելով՝ սպաննուեցաւ գաւառակի ոստիկան զօրաց հրամանատար հազարապետ Արսլան Քուլաքսըզ։
Ծանրապէս վիրաւորուած հազարապետը հիւանդանոց փոխադրուեցաւ, բայց հոն իր կեանքը կորսնցուց։ Անոր կինը եւս վիրաւորուեցաւ։
Սպայակոյտի նախագահութիւնը այս մասին բացատրութիւններ տուաւ ու խստօրէն պախարակեց ահաբեկչական այս յարձակումը։