ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ռուս գործարար Գերման Սթերլիկով Մոսկուայէն գացած է Լեռնային Ղարաբաղ՝ իր ընտանիքին քով: Ան այս մասին յայտնած է «Վկոնտակտէ» ընկերային ցանցի իր էջով:
Ան դիտել տուած է, որ քանի մը օր առաջ Ռուսիոյ իրաւապահ մարմինները տեղեկացուցած է, որ երեք օրով պիտի վերադառնայ Մոսկուա, եւ այս ընթացքին իրաւապահները իրեն նկատմամբ ոչ մէկ քայլի դիմած են, ու հիմա գործարարը կը վերադառնայ հայկական հնագոյն Շուշի քաղաք, ուր կը գտնուի իր ընտանիքը:
Սթերլիկովի համաձայն՝ ինք այդ քայլը առած է, որպէսզի այդպիսով պատասխանէ ատրպէյճանական ու ռուսական լրատուամիջոցներու «զրպարտանքներուն», թէ ինք իրաւապահներէն փախուստ տալով պահուըտած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։
Ան նաեւ յայտարարած է, թէ ոչ մէկ ձեւով զինք կը խանգարեն տարածուող այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, իբր թէ իր եւ իր փաստաբանին դէմ քրէական գործ յարուցուած է:
«Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն, որոնք կը փորձեն ինծի դէմ քրէական գործ յարուցել, անոնց կ՛ըսեմ. «Որքան ալ ինծի համար կարեւոր էր Ռուսիոյ իրաւապահ մարմիններուն կարծիքը իմ համեստ անձիս մասին, նոյնքան թքած ունիմ ջղաձգութիւններուն վրայ Իսրայէլի ու Ատրպէյճանի սադրիչներու, որոնք կը փորձեն օգտագործել իրաւական մեքանիզմներ եւ թոյլ չտալ, որ Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնամ:
Վերջ, ես կ՛երթամ իմ երեխաներուն քով, որոնք կը գտնուին հայկական հնագոյն քաղաք Շուշիի մէջ», գրած է Սթերլիկով: