ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հինգշաբթի, 16 Յուլիսին, կառավարութեան հերթական նիստին ընթացքին, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան անդրադարձաւ դէպի Հայաստան չուերթներու ժամերը վերատեսութեան ենթարկելու անհրաժեշտութեան: Անոր կարծիքով դէպի Հայաստան շատ միջազգային չուերթներ գիշերը կ՛իրականանան, ինչ որ անյարմարութիւններ կը ստեղծէ ժամանողներուն, այդ շարքին՝ զբօսաշրջիկներուն համար:
«Բնականաբար շատ անյարմարաւէտութիւններ են առաջանում: Օրինակ՝ զբօսաշրջիկը չգիտի, թէ ինչ անի, ինչպէս անցկացնի ժամանակը, որպէսզի հիւրանոցում աւելորդ օր չամրագրի: Շատ ուրիշ հարցեր էլ կան: Այդ պատճառով առաջարկում եմ Տնտեսական մրցակցութեան պետական յանձնաժողովին, Էքոնոմիքայի նախարարութեանը եւ Քաղաւիացիայի գլխաւոր վարչութեանը մանրամասն ուսումնասիրել ուղեւորատար աւիափոխադրումների շուկան՝ գներով, ուղղութիւններով եւ պայմաններով». նշած է վարչապետը եւ յիշեցուցած, որ պէտք է բանակցութիւններ վարել ճամբորդական ընկերութիւններուն հետ ժամանումները առաւօտեան ժամեր տեղափոխելու համար: