ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ուրբաթ, Յունիս 26ին, Ճափոնի նորանշանակ դեսպանի հետ հանդիպումին ընթացքին, ՀՀ Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեան յայտնած է, որ Ճափոնի կառավարութեան (Ճափոնի միջազգային զարգացման գործակալութեան (JICA) միջոցով) անհատոյց օգնութեամբ Հայաստանի մէջ երեք դրամաշնորհային ծրագիրներ իրականացուած են:
«Անգնահատելի է ձեր աջակցութիւնը Հայաստանի առողջապահական հիմնարկների տեխնիկական վերազինման գործում», նշած է Ա. Մուրատեան՝ յաւելելով, որ գործակցութիւնը սկսած է 1997ին, երբ Հայաստանի կառավարութիւնը Ճափոնի կառավարութեան յայտ ուղղած էր «Արմէնիա» բժշկական կեդրոնը, Ճափոնական ODA դրամաշնորհային ծրագիրի շրջագիծէն ներս, սարքաւորումներով օժտելու նպատակով:
Երկրորդ ծրագիրին մէջ ընդգրկուած էին հանրապետութեան երեք հիւանդանոցներ, իսկ 2005ին սկսած է երրորդ ծրագիրը, որու շնորհիւ սարքաւորումներով օժտուած են մարզային երկու (Հրազդանի եւ Գաւառի) եւ մէկ երեւանեան ծննդատուները:
«Կարծում ենք, որ համատեղ ծրագրերը շարունակական կը լինեն», ընդգծած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարը: Ան նաեւ բարձր գնահատած է «Թոշիպա Մետիքալ Սիսթըմ» ճափոնական ընկերութեան կողմէ Հայաստանի մէջ կատարուած աշխատանքը եւ առողջապահութեան մարզին մէջ արձանագրած յաջողութիւնները:
Արմէն Մուրատեան յայտնած է, որ ընկերութեան ղեկավարին հետ վերջերս կայացած հանդիպումին քննարկուած են համատեղ ծրագիրներ իրականացնելու հեռանկարները:
Նախարարը շեշտած է, որ Հայաստանի համար հետաքրքրական է Ճափոնի առողջապահական համակարգի փորձը ոչ միայն ֆինանսաւորման, այլեւ՝ կառավարման տեսանկիւնէն, մասնաւորապէս՝ բնակչութեան առողջութեան պահպանման առաջնային օղակի հզօրացման քաղաքականութիւնը:
Իր կարգին, դեսպանը ընդգծած է, որ իր կառավարութիւնը պատրաստակամ է ընդլայնելու այս մարզին մէջ համագործակցութիւնը: