
Մեր երիտասարդները, մեր ուսանողները՝ իրենց նախաձեռնութիւններով, իրենց իրագործումներով, իրենց լրջութեամբ ու պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ յարգանքի արժանի են:
Այս տարի անոնք գերազանցեցին իրենք զիրենք, գերազանցեցին Արդարութեան Քայլարշաւի օրը՝ կազմակերպուածութեան ու կարգապահութեան իրենց բարձ մակարդակով:
Գերազանցեցին Ապրիլեան պահանջատիրական ձեռնարկները իւրայատուկ ստեղծագործութեամբ ճոխացնելու իրենց նախանձախնդրութեամբ:
Գերազանցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան իր պատասխանատուութենէն խուսափող, ուրացող թրքական իշխանութիւններուն շօշափելի պատիժի ենթարկելու իրենց նախանձանդրութեամբ:
Ահա՛ անոնք յաջողեցան Քալիֆորնիոյ համալսարանական ցանցի վեց մասնաճիւղերու ուսանողական կառավարութիւններու զօրակցութիւնը ապահովել՝ Համալսարանի տնօրէնութեան կողմէ Թուքրիոյ մէջ կատարած ներդրումները ետ քաշելու իրենց պահանջին: (տեսնել կողքի լրատուութիւնը):
Երիտասարդական այս նոր աշխուժութիւնը պէտք է գնահատել ու քաջալերել: Սոսկ խօսքով ու ծափահարութիւններով պէտք չէ բաւարարուինք, այլ պէտք է գործնականօրէն ապացուցենք մեր երիտասարդներուն, որ կը գնահատենք իրենց բռնած ճանապարհը, որ կը հաւատանք ու կը վստահինք իրենց եւ պատրաստ ենք զիրենք տեսնելու աւելի պատասխանատու դերի մէջ:
Քաջալերենք զիրենք՝ նիւթապէս թիկունք կանգնելով իրենց կազմակերպութեան, իրենց ձեռնարկներուն՝ տեղական թէ հայրենական, դաստիարակչական թէ քարոզչական-քաղաքական: Փորձենք մեր շօշափելի աջակցութեամբ երիտասարդներուն պատգամ փոխանցել, որ մենք կանգնած ենք իրենց թիկունքին, որ իրենք ունին մեր ամբողջական նեցուկը եւ կրնան առանց տատամսելու նետուիլ առաջ:
Քաջալերենք զիրենք՝ աւելի ուշադիր լսելով իրենց կարծիքները, իրենց առաջարկները, իրենց բողոքները:
Եթէ անկեղծ խովստովանինք, մենք մեր երիտասարդները թողած ենք առանձին, լաւագոյն պարագային աննշան չափերով ձեռք երկարելով անոնց: Ապրի՛ն իրենք, որ առանց սպասելու աւելիին, այսքան յառաջ գացած են: