ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Մայիս 28ին, Վառնայի հայ համայնքը նշեց Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան տօնը:
«Կանթեղ Արարատեան» թերթէն քաղելով, «Երկիր»ը կը յիշէ, որ այս առիթով, քաղաքի Ս. Սարգիս հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ բացուեցաւ հայ ֆէտայիներուն նուիրուած յուշաքար՝ Վառնայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամներու անմիջական մասնակցութեամբ:
Անոնց առաջարկով համայնքի գրեթէ բոլոր հայերն ու հայկական կազմակերպութիւնները իրենց նիւթական մասնակցութիւնը բերած են քաջորդիներուն նուիրուած յուշաքարի տեղադրման համար:
Բացման արարողութեան ժամանակ յուշաքարի օրհնութեան կարգ կատարած եւ իր տօնական պատգամը ուղղած է համայնքի հոգեւոր հովիւ Բարթողիմիոս քհնյ. Յակոբեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.