ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ամերիկեան կողմը հերքած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի այն յայտարարութիւնը, թէ Ամերիկայի եւ Թուրքիոյ միջեւ «սկզբունքային» համաձայնութիւն գոյացած է Թուրքիա-Սուրիա սահմանային շրջաններուն մէջ մարզումներու պատրաստուող սուրիական զինուած ընդդիմութեան օդային աջակցութիւն ցուցաբերելու շուրջ: Թուրք նախարարը Մայիս 26ին ըսած էր, որ օդային աջակցութիւնը պէտք է ապահովուի զինեալներու Սուրիա ապահով մուտքը երաշխաւորելու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ կառավարական զօրքերու դէմ գործողութիւններ իրականացնելու ընթացքին:
Ըստ թրքական «Հիւրրիյէ»չ թերթին՝ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ՝ գնդապետ Սթիւ Ուորըն, չէ հաստատած Չաւուշօղլուի պնդումը եւ աւելցուցած է. «Բանակցութիւնները դեռ կը շարունակուին: Այս պահուն անոնց մասին յայտարարութիւն չունինք»:
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ, Ամերիկա եւ Թուրքիա սկսած են մարզելու սուրիական զինեալ ընդդիմութեան ջոկատները, աւելի ուշ զանոնք Սուրիա ուղարկելու նպատակով: Չաւուշօղլուի համաձայն՝ մինչեւ տարեվերջ 2000 զինելաներ պատրաստ պիտի ըլլան զինուորական գործողութեան։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանշու Պիլկիչ «Շարք Աուսա»չ թերթին յայտնեց. «Ամերիկացիներուն հետ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի ստեղծելու շուրջ համաձայնութիւն գոյութիւն չունի տակաւին»՝ աւելցնելով, որ իր երկիրը կ՛աջակցի այդ գաղափարին: Ան նշեց, որ ամերիկացիներուն հետ գոյացած համաձայնութիւնը կը վերաբերի ընդդիմադիր ուժերուն օդային պաշտպանութիւն տրամադրելուն, անոնց մարզումի աւարտէն եւ Սուրիա մուտք գործելէն ետք, որպէսզի Սուրիոյ բանակին կամ ծայրայեղական խմբաւորումներուն առջեւ խոցելի չըլլան:
«Մարզումի ծրագիրը Թուրքիոյ մէջ սկսած է», ըսաւ ան, սակայն մերժեց այդ ծրագիրին հետեւողներուն թիւը նշել: «Ամերիկացիներուն հետ համաձայնութիւն գոյացած է մարզումի եւ զինումի հարցին շուրջ», ընդգծեց Պիլկիչ:
Իր կարգին, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մքտատ, հակադարձելով Չաւուշօղլուի կողմէ սուրիական ընդդիմութիւնը մարզելու, զինելու եւ անոր օդային պաշտպանութիւն տրամադրելու յայտարարութեան, ըսաւ, որ որեւէ երկիր, որ կը մտածէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցութիւն տրամադրելու մասին, Սուրիոյ դէմ նախայարձակ կողմ պիտի նկատուի:
«Յայտարարութիւնները անգամ մը եւս կը բացայայտեն այդ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ուղղակի օժանդակութիւն եւ զէնքի մատակարարում տրամադրելու թրքական մտադրութիւնները», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ այդ յայտարարութիւնները ցոյց կու տան տագնապը երկարաձգելու եւ յաւելեալ անմեղ զոհեր ու քանդում պատճառելու մտադրութիւններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.