ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիահապեր».- Յայնտի թուրք հրապարակախօս, սիւնակագիր Ճենկիզ Աքթար գրած է, որ հայկական «Արմէն» ամառնային ճամբարը 2015ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, քանդելու որոշումը բնաւ պատահական չէր։
Աքթար յիշեցուցած է, որ ճամբարը 1979ին ապօրինի կերպով պետութեան կողմէ բռնագրաւուած էր Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնարկէն ու նոյն թուականին փակուած էր, իսկ տարածքն ու անոր կառոյցները յանձնուած էին թուրք նախկին սեփականատիրոջ:
«Այսինքն՝ հայէն առին եւ ձրի տուին թուրքին: Պատահականութիւն չէ, որ ճամբարի քանդումը համընկաւ 2015 թուականին հետ, երբ աւելի շատ կը խօսուի Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն մասին: Բացի այդ, մէկ այլ կողմ ալ ունի այս պատմութիւնը, որ կարծես վէրքին աղ լեցնելու համազօր է՝ «Արմէն» ճամբարը հանգուցեալ Հրանդ Տինքի տունն ալ էր», նկատել տուած է Աքթար՝ յիշեցնելով Տինքի կնոջ՝ Ռաքէլ Տինքի խօսքերը այն մասին, որ իբրեւ անարդարութեան պատասխան, անիկա ոչ մէկ այլ տիրոջ բարօրութիւն պիտի չբերէ:
Ըստ Աքթարի, ամբողջ երկիրն ալ այդպէս է։ «100 տարի է, որ բռնագրաւուած, գողցուած կալուածը յաջողութիւն չէ բերած», եզրակացուցած է ան: