ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Եւրոպական Միութիւնը կը յարգէ «Արեւելեան գործընկերութեան» ծրագիրի իւրաքանչիւր անդամ-պետութեան իրաւունքը՝ ընտրելու զարգացման սեփական ուղին, միաժամանակ պահպանելով ԵՄ հետ համագործակցութիւնը, ըսած է Գերմանիոյ վարչապետ Անժելայ Մերքել:
«Մենք կը յարգենք Հայաստանի որոշումը, որ, Եւրոպական Միութեան հետ խոր բանակցութիւններէն բացի, աւելի սերտ տնտեսական համագործակցութիւն կ՛որոնէ Ռուսիոյ հետ: Մենք կը յարգենք նաեւ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը, որ դեռ ԵՄ անդամութեան ուղիներ չորոներ եւ ինքզինք չի տեսներ նաեւ ԵՏՄի մէջ: Մենք, հակառակ ակնյայտ հակասութիւններուն, նաեւ պատրաստ ենք Պելոռուսի հետ երկկողմանի գործակցութիւնը շարունակել», ըսած է Մերքել Ռիկայի «Արեւելեան գործընկերութեան» վեհաժողովին ունեցած ելոյթին ընթացքին: