ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Շաբաթ, 9 Մայիսին, Պէյօղլուի «Ճէզայիր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ նուիրուած Զահրատի (Զարեհ Եալտըզճեան) 91րդ տարեդարձին, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ երեկոյի կազմակերպիչ «Արաս» հրատարակչատան կողմէ հրատարակուած հեղինակի թրքերէն թարգմանութիւններու հատորը:
«Մի վհատիր»՝ (Ferah Tut Yսreini) խորագրեալ հատորին մէջ տեղ կը գտնեն Զահրատի հաւատարիմ թրքերէնի թարգմանիչ Օհաննէս Շաշքալի բծախնդրութեամբ թարգմանած աշխատանքները, որոնք կը ներկայացնեն փունջ մը Զահրատի զանազան գիրքերէն: Ի մի բերուած թրքերէն կարդացող ընթերցողին համար, հաւաքածոն լաւագոյնս կը ներկայացնէ Զահրատի բանաստեղծական ստեղծագործութեան զանազան հանգրուանները:
Գրական երեկոյի առաջին բաժինն էր Զահրատի կենսագրական ներկայացում մը: Ինչպէս «Արաս» հրատարակչատան նախորդ բազմաթիւ միջոցառումներուն, Նարօտ Էրքօլի գեղեցիկ ընթերցանութեամբ ներկաները ծանօթացան Զահրատի կեանքին ու գործին: Ապա բեմ բարձրացան օրուան զեկուցողները, առաջնորդութեամբ «Արաս» հրատարակչատան խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշի: Զահրատի կեանքին ու գործին անդրադառնալու դժուարին պարտականութիւնը, նիստը պատշաճօրէն հասցուց իր նպատակին:
Ուստի, թէ՛ Զահրատին ծանօթը, եւ թէ առաջին անգամ լսողը, հեռացան սրահէն՝ պարուրուած ու բաւականութիւն ստացած Զահրատի դիւթիչ խօսքերէն, կախարդուած անոր պարզութենէն ու ծանօթացած անոր կեանքին:
Առաջին զեկուցողն էր «Ատամ» հրատարակչատան խմբագիր Նազար Պիւյիւմ, որ եղած ըլլալով Զահրատի մտերիմը, պատմեց անոր հասարակական-քաղաքական ձգտումներուն եւ մեծ գրողին կեանքին մասին, մարդկային մակարդակի վրայ:
Ապա խօսք առաւ հատորի թարգմանիչ Օհաննէս Շաշքալ, որ ներկայացուց Զահրատի գրական-կենսագրական գիծերը, այս տեղեկութիւննե րը զետեղելով ընդհանրական պարունակի մը մէջ, ու Զահրատ ներկայացնելով որպէս իր բնութեան, իր քաղաքին ու ընդհանրական ու անմիջական միջավայրերուն գրողը:
Երրորդ զեկուցողն էր բանասէր-գրականագէտ Սեւան Տէյիրմէնճեան, որ ներկայացուց Զահրատը որպէս հայ գրող, Զահրատի տեղը Հայաստանեան եւ սփիւռքեան գրականութիւններուն մէջ: Յատկանշական էին Տէյիրմէնճեանի նշումները, թէ ինչպէս գրողներ Պարոյր Սեւակ, Հրանդ Մատթէոսեան՝ Հայաստանէն, եւ Շահան Շահնուր ու Վահէ Օշական սփիւռքէն՝ մօտէն ճանչցած եւ նամակցած են Զահրատի հետ, առաջարկած են զինք որպէս օրինակ եւ դասած են զինք հայ գրականութեան արդի ուղղութեան կարեւոր ներկայացուցիչը: Ապա խօսք առաւ գրող խմբագիր Գարին Գարագաշլը, որ ներկայացուց Զահրատի տեղը արդի թրքական գրա կանութեան մէջ, ու պատմեց անձնական յուշեր, թէ ինչպէս Հրանդ Տինքի սպանութենէն միայն մէկ ամիս ետք, Զահրատի մահուան գոյժը ցնցած է զինք եւ համայն պոլսահայ համայնքը:
Գրական երեկոյի աւարտին իր երկտողէն չխնայեց ներկաները, Զահրատի կողակից Անայիս Եալտըզճեանը:
Դերասան Գէորգ Մալիքեան թատերական ընթերցանութեամբ մը ներկայացուց գիրքի պարունակութենէն քանի մը օրինակներ: Ներկաները առիթը ունեցան ձեռքբերելու նոր հրատարակուած հատորը տեղւոյն վրայ: