ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Կազմակերպութեամբ «Արփա» հիմնարկին, Հինգշաբթի, Յունիս 4ին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ կայանալիք դասախօսական ձեռնարկի մը ընթացքին, համակարգչային մարզի գործարար եւ բարերար Ալեք Պաղտասարեան պիտի խօսի Հայաստանն ու Արցախը տնտեսապէս հզօրացնելու կարելիութեանց մասին՝ հիմնուած իր անձնական փորձառութեանց վրայ։
Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Մերտինեան վարժարանի «Արամ եւ Անայիս Տ. Պուլղուրճեան» սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403)։
Ձեռնարկին մասին յաւելել տեղեկութեանց համար դիմել (818) 453-0618 թիւին կամ info@ARPAInstitute.org հասցէին։