– Ռուսիոյ Աապահովութեան խորհուրդի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլա Փաթրուշեւ Ատրպէյճան կատարած այցելութեան ընթացքին նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ ազգային ապահովութեան նախարար Էլտար Մահմուտովի հետ քննարկած է շրջանային եւ միջազգային ապահովութեան վերաբերող հարցեր: Քննարկուած են նաեւ ահաբեկչութեան դիմակայման մարզին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան եւ Եւրոպական խաղերու ծիրին մէջ զանգուածային ձեռնարկներու ապահովութիւնը երաշխաւորելու վերաբերող հարցեր:
– Քարիւղ արտադրող երկիրներու կազմակերպութիւնը՝ ՕՓԷՔը, հերքած է «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»ի հրապարակած այն լուրը, թէ ՕՓԷՔի անդամները չեն նախատեսեր, որ քարիւղի գիները յառաջիկայ տասնամեակին մէջ 100 տոլարէն աւելի պիտի ըլլան, մէկ տակառին դիմաց, նշելով, որ այս պնդումը որեւէ հիմնաւորում չունի: Թերթը գրած է, որ կազմակերպութեան անդամները, մինչեւ 2025, մէկ տակառ քարիւղի առաւելագոյն գինը 76 տոլար կը նախատեսեն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.