
Այսօր մեր ընթերցողներուն կը մատուցենք «Ասպարէզ»ի 15,000րդ թիւը:
Հպարտ ենք այս իրագործումով, հպարտ ենք մեր ընթերցողներու, բարեկամներու, հովանաւորներու եւ ծանուցողներու անխախտ հաւատարմութիւնը վայելելու փաստով: Հպարտ ենք, որ այս կարեւոր համայնքի պատմութիւնը արձանագրելու պատուաւոր կոչումն ու անոր ծառայելու մեր պատրաստակամութիւնը կը շարունակուի գնահատուիլ:
Մենք այս նշանակալի հանգրուանը կը նկատենք նոր մեկնակէտ՝ առաւել ընդգրկուն ու ժամանակակից արտադրութեամբ ներկայանալու ձեզի՝ թէ՛ մեր աւանդական տպագիր հրատարակութեան եւ թէ կայքի ու ամէն օր առաքուած ելեկտրոնային թողարկումներուն ճամբով:
Անցեալին հետ կապուած ունինք տակաւին կիսատ աշխատանք մը, զոր պէտք է իր աւարտին հասցնենք, նախքան խմբագրութեան յաջորդ հերթափոխը: Թուայնացման ծրագիրն է, որ դժբախտաբար տակաւին հազիւ մէկ երրորդ ճանապարհը կտրած է եւ տակաւին հարիւր հազար տոլարի անհրաժեշտութիւն կայ: Յիշեցնենք, որ «Ասպարէզ»ի մէկ տարուան թուայնացման ծախսը միջին հաշուով հազար տոլար է եւ նուիրատուն կրնայ իրեն համար նշանակալի թուականի մը հովանաւորութիւնը ստանձնել: «Ասպարէզ»ի թուայնացած գրադարանը ամբողջութեամբ պիտի կոչուի գլխաւոր նուիրատուի մը անունով, որուն փնտռտուքը կը կատարենք:
«Ասպարէզ»ի ընթերցողներու շրջանակը օրէ օր աւելի կ՛երիտասարդանայ, յատկապէս մեր կայքի եւ ելեկտրոնային լրատուի միջոցաւ: Այս ճիգը, նոր ներարկումներով, շուտով աւելի նկատելի պիտի ըլլայ: Անգլերէն բաժինը արդէն իսկ նուաճած է երիտասարդական դաշտը եւ հայերէնը պիտի փորձէ կռնկակոխ հետեւիլ՝ արձանագրելով, որ հայերէնը միշտ առաջնորդողի դերին մէջ չպահելու ձախողութեան պատասխանատուն ոչ ժամանակն է, ոչ ալ միջավայրը, այլ միայն խմբագիրի սահմանափակումները: