ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուզլայի «Արմէն» ճամբարի փլուզումին դէմ բողոքները լայն արձագանգ գտած են Թուրքիոյ մամուլին մէջ։ Այս փլուզումը, որ առժամեայ կերպով կանգ առած է, վերջնական լուծում գտած ըլլալէ շատ հեռու է ու անհաւանական չէ, որ վաղը փլուզումը շարունակուի։ Շէնքին մէկ մասը արդէն փուլ եկած է, բայց հայկական կողմը կը շարունակէ ամէն կերպով պայքարիլ։
Այս մասին արտայայտութիւն մըն ալ եկաւ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ տոքթ. Թորոս Ալճանէն, որուն միջամտութիւնը խիստ կարեւոր էր։ Տոքթ. Ալճան «Անատոլու» գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ եւ ուզեց, որ «Արմէն» ճամբարը ապասեփականացուի պետութեան կողմէ, այսինքն առնուի այսօրուան տիրոջ ձեռքէն եւ վերադարձուի բուն տիրոջ, որ Հայ բողոքական համայնքն է։ Ալճան յիշեցուց, որ հայապատկան այս կալուածը 1974ին դատական որոշումով հայոց ձեռքէն առնուեցաւ առանց փոխարժէքի վճարումի եւ վերադարձուեցաւ իր նախկին տիրոջ։ Թէեւ 2011ին, վագըֆներու օրէնքին համաձայն՝ որոշուեցաւ որ փոքրամասնութիւններու բռնագրաւուած որոշ կալուածները վերադարձուին, բայց երրորդ անձերու փոխանցուած կալուածներուն համար այսպիսի բան մը անկարելի էր, ուստի «Արմէն» ճամբարը մնաց երրորդ անձի կամ անձերու սեփականութեան մէջ։
Ալճան պատմեց, որ հողամասի նախկին տէրը, «առանց մէկ ղրուշ իսկ վճարելու» կալուածը ետ ստացաւ։ Ասիկա պարկեշտ կեցուածք չէ։ Հիմա, քանի որ կ՛ընդունուի թէ ասիկա անիրաւ գործողութիւն էր, պէտք է սրբագրուի։
Այս հողամասին այժմու՝ վեցերորդ սեփականատէրն է Ֆաթիհ Օլուսոյը։ Ալճան խօսած է թէ՛ անոր հետ, թէ՛ նախկին տէրերէն Էրհան Այտընլարի հետ։ Անոնք ըսած են, որ չէին գիտեր, թէ ասիկա հայ մանուկներու որբանոց մը եղած է։ Բայց այսպիսի արդարացում մը համոզիչ չէ։ «Այս անիրաւութիւնը գործուած է պետութեան կողմէ, ուստի կը սպասենք, որ պետութիւնը սրբագրէ», ըսած է Թորոս Ալճան։
«Հիմա անոնք թերեւս շէնքը մեզի ծախել պիտի ուզեն, բայց ասիկա ալ ծիծաղելի է։ Մենք ինչո՞ւ մեզի պատկանող շէնքին դարձեալ փոխարժէք վճարելով, ետ առնենք։ Մենք եւրոպական դատարաններու դիմել չենք ուզեր, մեր երկրին մասին դուրսը գանգատ չներկայացնենք, բայց հոս ալ իրաւական աղէտ մը պատահած է եւ պետութիւնը կրնայ տրամաբանական լուծում մը գտնել։ Մենք այս կալուածին թափուն պահանջելու մեր պայքարը պիտի շարունակենք», ըսած է Ալճան։
Ալճան այս մասին խօսած է նաեւ վագըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթեմի հետ եւ անոր ալ աջակցութեամբ փլուզումը կեցած է մինչեւ ընտրութեանց շրջան։ Ալճան պիտի դիմէ նախ կառավարութեան բանբեր Պիւլենտ Արընչին, ապա վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուին։ «Պայման է, որ այս խնդի-րին համար խաղաղ լուծում գտնուի, առանց վնաս պատճառելու նաեւ կալուածի այսօրուան սեփականատիրոջ։ Տրուած ըլլալով, որ այս շէնքը որբանոց մը եղած է, սուրբ նշանակութիւն մը ունի համայնքին համար, ուստի հոն փարթամ վիլլայի մը կառուցումը կը վիրաւորէ մեր սիրտերը», ըսած է Ալճան։