ՀԱՒԱՆԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ Մայիս 11ին այցելեց Քուպա: Քուպայի անկախութենէն ի վեր (1898) առաջին անգամ ըլլալով Ֆրանսայի նախագահ մը կ՛այցելէր Քուպա: Հոլանտ նաեւ առաջին արեւմուտքցի ղեկավարն է, որ Դեկտեմբերին, Քուպայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ դիւանագիտական սառցահալէն ետք կ՛այցելէ համայնավար վարչակարգ ունեցող կղզին:
Հոլանտ՝ Քուպա իր պատմական այցելութեան ընթացքին, հանդիպում ունեցաւ իր պաշտօնակից Ռաուլ Քասթրոյի հետ, ինչպէս նաեւ նախկին նախագահ Ֆիտել Քասթրոյի հետ, կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց, որ վերջ դնեն Քուպայի տնտեսական շրջափակման: Միաժամանակ, ան կոչ ըրաւ Քուպայի իշխանութեանց, որ տնտեսական յաւելեալ ազատութիւններ շնորհեն իրենց քաղաքացիներուն։
Ֆրանսա եւ Քուպա նաեւ կղզիին ջուրերուն մէջ քարիւղ հետախուզելու համաձայնութիւն կնքեցին։
Ֆրանսայի նախագահին կ՛ընկերակցէին նախարարներէ եւ գործարարներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը: