ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- «Հըզպալլա»ի մարտիկները եւ սուրիական բանակը Մայիս 11ին իրենց ամբողջական հակակշիռին տակ առած են Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ գտնուող Պարուհի լեռն ու Ժըպպէի բարձունքները, որոնք ռազմավարական առումով նոյնքան կարեւորութիւն ունին: Անոնք տիրեցին նաեւ Մայսրայի շրջանին, ուր կը գտնուէին ահաբեկիչներու մարզումի կեդրոններ: Քալամունի Ռաս Մաարրա շրջանին մէջ, «Հըզպալլա» եւ սուրիական բանակը թիրախ դարձուցին «Ճապհաթ Նուսրա»ն եւ ռմբակոծեցին անոր դիրքերը: Ռաս Մաարրայի մէջ արձանագրուած զինեալ ընդհարումներուն իբրեւ արդիւնք սպաննուեցաւ այդ շրջանի «Ճապհաթ Նուսրա»ի զինուորական պատասխանատուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.