ՄԱՆՈՒՇԱԿ ԼԱԳԼԱԳԵԱՆ ՏԷԿԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
ՀՕՄի Փասատինայի «Սօսէ» եւ Լա Քրեսենթայի «Թալին» մասնաճիւղերու վարչութիւնները, համագործակցութեան բարձր ոգիով ձեռնարկեցին երկու մասնաճիւղերու նորագիր ընկերուհիներու ուխտի աննախադէպ արարողութիւն, որ կայացաւ Ապրիլ 21ի երեկոյեան, Փասատինայի Հայ կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան անդամ, «Թալին» մասնաճիւղի կապ Այտա Պապայեանի եւ մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն:
Երկու վարչութիւնները նպատակայարմար տեսած էին սոյն առիթով միատեղ ժողով մը գումարել: Ներկայութեան ստուգումէն ետք, «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետուհի Կարինէ Բարիկեան-Սէթեանը ներկաները հրաւիրեց վայրկեան մը յոտնկայս յարգելու յիշատակը Եղեռնի նահատակներուն, ապա շեշտեց հայ կնոջ կերպարը եւ որոշադրիչ դերը հայ գոյապայքարին մէջ: Ան հրաւիրեց «Սօսէ» մասնաճիւղի երիցագոյն ընկերուհին՝ Նուարդ Տէր Յովհաննէսեանը, որպէս ուխտի արարողութեան կնքամայր։ Հրաւիրեալը զգացուած, դողդոջուն քայլերով յառաջացաւ՝ կատարելու համար իրեն վստահուած պարտականութիւնը:
«Սօսէ» մասնաճիւղի հինգ ընկերուհիներ եւ «Թալին» մասնաճիւղի չորս ընկերուհիներ, ոգեւորուած եւ ներշնչուած կատարեցին իրենց ուխտը եւ մուտք գործեցին ՀՕՄի շարքերը: Կարինէ Բարիկեան-Սէթեան շնորհաւորեց զիրենք եւ ուժ, կորով ու կամք մաղթեց՝ արդարացնելու իրենց վստահուած աշխատանքը ՀՕՄի աստուածահաճոյ ծառայութեան մէջ։ Ան բնութագրեց ՀՕՄը որպէս կեանքի դպրոց, ուր հայ կինը կը թրծուի ազգային հաւատամքով եւ պատկանելիութեան գիտակցութեամբ: Նուարդ Տէր Յովհաննէսեան Ցեղասպանութեան 100ամեակի շեմին շնորհաւորեց նորագիրները եւ թելադրեց անոնց, որ իրենց գործին հանդէպ անխախտ հաւատք եւ տեսիլք ունենան ու հայ կնոջ վայել կեցուածքով ընթանան ՀՕՄի առաքելութեան սրբազան ուղիէն, յատկապէս՝ լաւատեսութեամբ եւ վարդագոյն աչքերով դիտեն զիրար եւ շրջապատը, լաւագոյնս իրագործելու համար միութեան շահերը:
Նորագիր ընկերուհիները շնորհակալութիւն յայտնեցին կնքամօր՝ իր օգտաշատ, շինիչ եւ փորձառական թելադրանքներուն համար: Կարինէ Բարիկեան-Սէթեան ՀՕՄի նշանակով զարդասեղներ զետեղեց նորագիրներու կուրծքերուն:
«Թալին» մասնաճիւղի ատենապետուհի Ալին Հապէշեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան, սոյն բարեպատեհ առիթին համար: Ապա խօսք տրուեցաւ ՀՕՄի Հայաստանի Կեդր. վարչութեան նախկին քարտուղար Համեստ Սասունեան-Պէօճէքեանին, որ հիւրաբար ներկայ էր։ Ան եւս շնորհաւորեց նորագիրները եւ աշխոյժ համագործակցութիւն մաղթեց ՀՕՄի գործունէութեան դաշտէն ներս, երբ ժամանակին հետ կը ծանրանան ՀՕՄի ուսերուն դրուած պատասխանատուութիւնները՝ թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ հայրենիքին մէջ: Ընկերուհին հակիրճ տեղեկութիւն փոխանցեց նորակազմ «Կռունկ» մասնաճիւղին մասին, որուն ատենապետուհին է ինք, իսկ անդամները մեծ մասամբ Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի (ՍՕԽ) ընկերուհիներ են, որոնք բոլորիս ծանօթ Սուրիոյ տագնապին հետեւանքով կը գտնուին հայրենիք: Ընկերուհին գնահատեց իրենց նախաձեռնութեան, ծառայասիրութեան ոգին, ինչպէս նաեւ նուիրեալ բազմաբնոյթ աշխատանքը: Ան նաեւ սահմանամերձ գիւղերու շինութեան եւ օգնութեան ծրագիրին կապակցութեամբ որոշ տեղեկութիւններ փոխանցեց, ապա ժողովը իր բնականոն ընթացքը ստացաւ:
ՄԻæԻՆՔԻ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Աւանդական Միջինքը, կազմակերպութեամբ ՀՕՄի «Սօսէ» եւ «Թալին» մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, տեղի ունեցաւ Մարտ 11ին, Փասատինայի Հայ կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան համաատենապետուհի Մարալ Մաթոսեանի, Շրջանային վարչութեան անդամ Նանիկ Քիւփէլեանի ու մեծաթիւ ընկերուհիներու եւ համակիրներու:
«Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետուհի Կարինէ Բարիկեան-Սէթեան եւ «Թալին» մասնաճիւղի ատենապետուհի Ալին Հապէշեան հերթաբար ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեցին եւ գնահատեցին ՀՕՄի պատկանելիութեան իրենց գիտակցութիւնը՝ ողջունելով իրենց ազնիւ ներկայութիւնը: Կարինէ Բարիկեան-Սէթեան հակիրճ տողերով ներկայացուց օրուան խորհուրդը՝ նշելով, թէ ՀՕՄը սոյն առիթը եւս բարեպատեհ համարելով կը ջանայ ծառայացնել զայն իր ազգօգուտ ծրագիրներու իրագործման: Ապա ան հրաւիրեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանը, սահմանելու համար Միջինք հասկացողութիւնը:
Պօղոս քհնյ. Պալթայեանը առաջին հերթին օրհնեց ճասասեղանները եւ նշեց, թէ Միջինքը հաւանաբար հաստատուած է յիշեցնելու, թէ Մեծ Պահքը հասած է իր կիսուն, հետեւաբար՝ անիկա նաեւ խնդութեան առիթ կը համարուի: Քահանայ հայրը բարձր գնահատեց ՀՕՄի ազգանուէր եւ բոլորանուէր գործունէութիւնը՝ զանազան մակարդակներու վրայ, արդարացնելով իր գոյութեան նպատակը: Աւարտին, ան գնահատեց նաեւ «Սօսէ» եւ «Թալին» մասնաճիւղերու վարչութիւնները, որոնք միատեղ այս ձեռնարկը կազմակերպելու ողջունելի գաղափարը յղացած էին:
Ճաշկերոյթի մթնոլորտը աւելի ճոխացուց գաղութիս սիրուած երգիչ Գագիկ Պատալեանը՝ ներկայացնելով Սայաթ Նովայի ու Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն, ինչպէս նաեւ ժողովրդական սիրուած երգեր: Կեդրոնէն ներս բարձր եւ ուրախ տրամադրութիւն կը տիրէր. ներկաները կը ճաշակէին երկու մասնաճիւղերու ընկերային յանձնախումբերու ընկերուհիներուն ձեռամբ պատրաստուած համադամ ճաշատեսակներ: Ընթացքին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն: Ներկաները գոհ եւ զուարթ տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն:
Վարձքը կատար բոլոր ընկերուհիներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն ձեռնարկին։
Համախորհուրդ միասնականութիւնը ուժի եւ յառաջդիմութեան գրաւականն է, որով ՀՕՄը կ՛իրագործէ իր հայապահպանման եւ մարդասիրական նպատակները։ Որպէս խօսուն վկայ, վերջերս գաղութիս մէջ յայտնուած խիստ կարիքաւոր, հիւանդ եւ անտուն հայազգի ընտանիքի մը կենցաղային եւ տնային անհրաժեշտ օժանդակութեան փութացին «Թալին» եւ «Սօսէ» մասնաճիւղերու վարչութիւնները՝ արդարացնելով «Ժողովուրդիս Հետ, Ժողովուրդիս Համար» նշանաբանը եւ օրինակ ծառայելով այլոց՝ նման հայավայել կեցուածք որդեգրելու:
Բարի երթ նուիրեալ աշխատանքի: