ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Մայիս 4ին, Լա Հէյի մէջ իր վկայութիւնները ներկայացուց Լիբանանի յատուկ միջազգային ատեանին:
Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնը հետապնդող այս ատեանին առջեւ, Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Հարիրիի սպանութեան մեղսակից բոլոր յանցագործները արդէն իսկ սպաննուած են:
Ընդհանուր դատախազ Ռէյ մերժեց Ժոմպլաթի կատարած այս յայտարարութիւնը՝ այդ մասին փաստեր պահանջելով:
Այս կեցուածքին հակազդելով, ժոմպլաթ պատասխանեց. «Եթէ Ռըսթոմ Ղազալէ (Լիբանանի մէջ Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութեան վերջին պետը) դատարան հրաւիրուէր, ապա ան կրնար փաստեր ներկայացնել Հարիրիի սպանութեան մասին»:
Նշենք, որ լիբանանեան մամուլը անցեալ շաբաթ հաղորդած էր, թէ Ղազալէ Դամասկոսի մէջ մահացած է, անյայտ պայմաններու տակ։
Ժոմպլաթ նաեւ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆեզ Ասատի հետ Ռաֆիք Հարիրիի յարաբերութիւնը եղած է մտերմիկ, սակայն անիկա արմատական փոփոխութիւն կրած է Պաշշար Ասատի իշխանութեան օրով: «Հարիրիի եւ սուրիական վարչակարգին միջեւ յարաբերութիւնները ապակայունանալու սկսան Էմիլ Լահուտի հանրապետութեան նախագահ ընտրութեամբ», պնդեց ան:
«Ռաֆիք Հարիրիի հետ իմ յարաբերութիւնս միշտ ալ լաւ եղած է 80ականներու կէսէն ի վեր: Քաղաքական առումով մենք տարակարծութիւններ ունէինք, յատկապէս հաստատութիւններու ապապետականացման առումով: Հարիրիի տնտեսական քաղաքականութեան դէմ միշտ ալ քննադատական կեցուածքներ ունեցած էի, եւ ան յարգանքով ու մտերմութեամբ կ՛ընդունէր զանոնք», աւելցուց ան:
Ժոմպլաթ նաեւ սուրիական վարչակարգը ամբաստանեց իր հայրը՝ Քամալ Ժոմպլաթը սպաննելու յանցանքով։