ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս խստօրէն դատապարտած է քանի մը օր առաջ Հալէպի մէջ 15րդ դարուն կառուցուած Սրբոց Քառասնից Մանկանց հայկական եկեղեցին դիտաւորեալ կերպով պայթեցնելու արարքը՝ զայն նկատելով Աստուծոյ դէմ գործուած արարք, որ անընդունելի է բոլոր կրօններուն համար։ Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:
Հայաստանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Գարեգին Բ. կաթողիկոս մտահոգութիւն յայտնած է վերջին շրջանին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ զարգացումներու եւ ծայրայեղական ուժերուն կողմէ քրիստոնեաներու եւ քրիստոնէական սրբավայրերու դէմ սանձազերծուած վայրագութիւններու եւ ահաբեկչութիւններուն առիթով:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին համաձայն՝ «հայկական եկեղեցւոյ միտումնաւոր պայթեցումը ստուերում է իսլամ եւ քրիստոնեայ ժողովուրդների դարաւոր խաղաղ համակեցութիւնը»: Ան նաեւ վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ միայն միացեալ ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ մարդկային կեանքին մէջ վերջ դնել եւ կանխարգիլել նման դատապարտելի արարքներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.