Անոնց միացեալ ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած է արդէն Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած բանաձեւներ վաւերացնել շրջանի քաղաքաներուն մէջ, ներառեալ՝ Հաթհորնի, Թորընսի, Հերմոսա Պիչի, Ռոլինկ Հիլզի, Ռետանտօ Պիչի, Փալոս Վերտեսի եւ Քարսընի։
Նաեւ, համայնքէն մօտաւորապէս 100 հայորդիներ ներկայ եղած են Հայ կեդրոնին մէջ Ուրբաթ, Ապրիլ 17ին կայացած Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին, ուր ՀՕՄի «Արաքս» մասնաճիւղի Ուրբաթօրեայի աշակերտները մասնակցած են հոգեհանգստան արարողութեան մը, առաջնորդութեամբ Լոս Անճելըսի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յարութիւն քհնյ. Թաշճեանին։
Աշակերտները պատրաստած էին Ցեղասպանութեան նուիրուած յայտագիր մը, իսկ ՀԵԴի «Փոթորիկ» ուխտի անդամները Ցեղասպանութեան առնչուող լուսանկարներու եւ պատմական փաստաթուղթերու ցուցահանդէս մը կազմակերպած էին, ինչպէս նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին մանրակերտ օրինակը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.