ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծիրին մէջ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Միջեկեղեցական համաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստան գտնուող քրիստոնէական տարբեր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներ 22 Ապրիլին՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի ընկերակցութեամբ այցելած են Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ:
Ամենայն հայոց կաթողիկոսը լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին կարեւոր նկատած է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը՝ նշելով, որ Ցեղասպանութիւնը պէտք է դատապարտել, որպէսզի չկրկնուի:
«Այս տարի լրանում է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցը: Այս ընթացքում, փառք Աստծու, որոշ երկրներ ճանաչել են այն: Սակայն, Ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչումը կարեւոր է, որովհետեւ չարիքը պիտի դատապարտուի, որպէսզի այլեւս չկրկնուի», ըսած է Գարեգին Բ.։
Ուղղափառ, անկլիքան, կաթողիկէ եւ ղպտի եկեղեցիներու առաջնորդները շրջած են Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, ծանօթացած օր մը առաջ բացուած թանգարանի նոր մնայուն ցուցադրութեան դրուած հաւաքածոյին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.