ԵՐԵՒԱՆ.– Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով Երեւանի Սիամանթոյի անուան թիւ 162 դպրոցի բակին մէջ բացումը կատարուած է արեւմտահայ բանաստեղծի կիսանդրիին: Հանդիսաւոր բացումը կատարած են Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, կիսանդրիի տեղադրութեան աջակցած Աննա Քոչարեան եւ դպրոցի տնօրէն Աննա Ստեփանեան:
Գեղարուեստական բաժինով դպրոցի սաները ներկայացուցած են հատուածներ Սիամանթոյի ստեղծագործութիւններէն: Դպրոցի երգչախումբը կատարած է Սիամանթոյի «Սուրբ Մեսրոպ» եւ «Սրինգ» բանաստեղծութիւններու հիման վրայ Դանիէլ Երաժիշտի կողմէ գրուած երգերը: Հիւրերն ու դպրոցի կազմը ծաղիկներ զետեղելով խոնարհած են Սիամանթոյի կիսանդրիին առջեւ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով բանաստեղծի յիշատակին:
Ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան նկատել տուած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն կարգին, իր առանձնայատուկ խորհուրդը ունի նաեւ Մեծ Եղեռնի զոհ գացած արեւմտահայ բանաստեղծ Սիամանթոյի կիսանդրիի բացումը:
«Քանդակն իսկապէս շատ տպա-ւորիչ է: Արեւմտահայ խոշորագոյն պօէտի ոգին, որ մարմնաւորուած է այս քանդակում, միեւնոյն ժամանակ արտացոլում է Պոլսոյ մշակոյթի ամբողջականութիւնը, որովհետեւ նրան նայելով՝ մենք, անշուշտ, նաեւ վերյիշելու ենք միւս բոլոր մտաւորականներին, ովքեր եւս դարձան եղերական 1915ի անմեղ նահատակները: Սիամանթոյի այս քանդակը՝ նրա իսկ բանաստեղծական ոգով, մշտապէս ամէնքիս ու յատկապէս այս հրաշալի երեխաների մէջ մեր արդար պահանջն է արթնացնելու, որ փոխանցուելու է սերնդէ սերունդ», յայտնած է փոխքաղաքապետ Արամ Սուքիասեան:
Հարկ է նշել, որ Սիամանթոյի կիսանդրիին հեղինակն է քանդակագործ Տիգրան Արզումանեան, ճարտարապետը՝ Հայկ Ասատրեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.