
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ֆրանսիս պապի դէմ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կատարուած քննադատութիւնը քննարկումի նիւթ դարձաւ նաեւ Իտալիոյ մէջ։ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Փաօլօ Ճենթիլոնի պատասխանեց Թուրքիոյ կողմէ յառաջ քշուած քննադատութիւններուն ու պաշտպանեց այն կարծիքը, թէ պապին դէմ Թուրքիոյ քննադատութիւնները իրաւացի չեն։
Իր կարգին, Իտալիոյ կառավարութեան Եւրոմիութեան հարցերով ենթաքարտուղար Սանտրօ Կոզի յայտնեց, թէ այս խնդիրին մասին կառավարութիւնները պէտք չէ դիրքորոշում ունենան։ «Նմանօրինակ նիւթերու մասին անհատները կամ խորհրդարանները կրնան որոշումներ տալ, բայց կառավարութիւնները չեն կրնար», ըսաւ ան։ Սանտրօ Կոզի, որ այս հարցին շուրջ լրագրողներու հարցումներուն կը պատասխանէր, ըսաւ. «Աւելի լաւ է որ նայինք այն խնդիրներուն, որոնց հետ դէմ յանդիման է Թուրքիան»։ Կոզի աւելցուց, որ ներկայիս մօտէն կը հետեւի Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու ու փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու հարցերուն։
«Կոզի աւելցուց, որ ներկայիս մօտէն կը հետեւի Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու ու փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու հարցերուն։ » ԲՈԼՈՐՈՎԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԱՅՍ ԽՕՍՔԵՐՈՒՆ: ՆԱԽ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՊԷՏՔ Է ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄ ԸՆԷ ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՆԴԷՊ, ՔԱՆԻ ԱՅԴ ԵՐԿԻՐԸ ԿԸ ՈՏՆԱՀԱՐԷ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ, ԱՇԽԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ, ՉՈՒՆԻ ԽՕՍՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ, ՉՈՒՆԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐ ՀԱՄԱԿԱՐԳ: ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՊ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԸ ԶԻՆՔ ԿՐՆԱՅ ՄՕՏԵՑՆԵԼ ՔԱՂԱՔԱԿԻՐԹ ԱԶԳԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ:
ԱՄԷՆ ԱՆԳԱՄ ՈՐ ԽՕՍՔ Կ ԱՌՆԵՆ ՔՆՆԱԴԱՏԵԼՈՒ ԻՐԵՆՑ ԽՂՃԻ ԽԱՅԹ ՀԱՆԴԻՍԱՑՈՂ «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ»Ը ԹՈՂ ՆԱԽ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ ՄԸ ԿԱՏԱՐԵՆ ԻՐԵՆՑ ԵՐԿՐԻ ՆԵՐՔԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՐ ԻՆՔՆԵԱՆ ԲԱՐԴ ԵՆ ԻՍԿ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԵՏՆԻ ՎՐԱՅ ՇԱԱԱՏ ԱՍԵԼԻՔՆԵՐ ԿԱՆ: ՊԱՊԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՊԷՍ ՉԷԶՈՔ ԴԻՐՔ Կ ՈՐԴԵԳՐԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԵՒ ՈՒՆԻ ԽՕՍՔԻ ԵՐ ՄՏՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ: (ԻՆՉ ՈՐ ԿԸ ՊԱԿՍԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ):