ՊՈԼԻՍ.- Ըստ թրքական «Հիւրրիյէ»չ թերթին՝ Ապրիլ 15ին, Եւրոխորհրդարանին մէջ քուէարկութեան պիտի դրուի Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւ մը, որ խորհրդարանի բոլոր քաղաքական խմբակցութիւններուն կողմէ ներկայացուած է։ Անոր մէջ պիտի ըլլան կէտեր, որոնք կրնան մտահոգել Թուրքիան: Ըստ նոյն աղբիւրին, մինչեւ օրս Անգարան բանաձեւի որդեգրումը կանխարգիլելու ուղղութեամբ դիւանագիտական քայլեր կատարած է, սակայն անոնք որեւէ արդիւնք չեն տուած:
Թերթը կը գրէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը Եւրոխորհրդարանին մէջ իրաւական հիմքերու վրայ չէ դրուած. սակայն այժմ՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակի կապակցութեամբ, թեման արդէն այլ ձեւաչափի մէջ կը դիտարկուի, եւ շնորհիւ Հայկական Սփիւռքի հետեւողական ջանքերուն, նոր բանաձեւին մէջ հայկական կողմը բաւարարող կէտեր պիտի ներառուին:
Նոր բանաձեւը Հայաստանին եւ Թուրքիոյ կոչ պիտի ուղղէ՝ առերեսուելու անցեալի հետ ու ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը՝ կատարուածի պատասխանատուութիւնը ձգելով Թուրքիոյ վրայ: «Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցելու հոլովոյթին հետ կապելը պիտի ազդէ նաեւ Պրիւքսէլ-Անգարա յարաբերութեանց վրայ», կը գրէ թերթը:
Կը նշուի նաեւ, որ Թուրքիոյ ջանքերուն շնորհիւ որոշումին նախնական տարբերակներուն մէջ կրնան շեշտուիլ «դէպքերու՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած ըլլալու» հանգամանքը եւ «խնդիրը պատմաբաններուն ձգելու» առաջարկը, սակայն փոքր է հաւանականութիւնը, որ այդ արտայայտութիւնները պահպանուին վերջնական բնագիրին մէջ:
Անցեալ շաբաթ, թրքական պատուիրակութիւն մը, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած էին թրքական իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն երեսփոխաններ՝ Աֆիֆ Տեմիրքըրան եւ Սէյիթ Սերթչելիք, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն՝ Ֆարուք Լողօղլու եւ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութնենէն՝ Եուսուֆ Հալաճօղլու, Պրիւքսէլի մէջ հանդիպումներ ունեցած են Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին վերաբերեալ: Պատուիրակութեան անդամները յատկապէս ընդգծած են Թուրքիոյ պաշտօնական մօտեցումը, թէ խորհրդարաններու որդեգրած որոշումները չեն կրնար դատարաններու որոշումներուն համարժէք ուժ ունենալ: Այլ պատուիրակութիւն մըն ալ նոյն նպատակով Պրիւքսէլ պիտի այլցելէ այս օրերուն:
Սակայն, ինչպէս «Հիւրրիյէ»չ կը վկայէ, Եւրոխորհրդարանին մէջ կը տիրէ այն մօտեցումը, որ «վերջին պահուն ձեռնարկուած քայլերը որեւէ փոփոխութիւն չեն կրնար յառաջացնել»: Թերթը կը յիշեցնէ, որ Եւրոխորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցնող որոշում մը որդեգրած էր 1987ին, իսկ քանի մը շաբաթ առաջ հրապարակուած յայտարարութեամբ՝ կոչ ըրած էր Եւրոմիութեան անդամ երկիրներուն, որ ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ յանձնարարած էր Եւրոմիութեան հիմնարկներուն, որ ջանքեր գործադրեն՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ: Եւրոպական միութեան անդամ 28 երկիրներէն 11ը արդէն պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.