ՓԱՐԻԶ.- Մարտ 25ին, Փարիզի հեղինակաւոր «Սորպոն» համալսարանին մէջ, Ֆրանսայի կրթութեան նախարար Նաժաթ Վայօ Պելքասեմ բացումը կատարեց «Հայոց Ցեղասպանութիւն. 100 տարուան հետազօտութիւն» խորագրեալ գիտաժողովին. այս մասին կը հաղորդէ ֆրանսահայ անկախ լրագրող Ժան Էքեան:
«Աղբիւրներու, վերապրածներու վկայութիւններն ու փաստաթուղթերու խոր ուսումնասիրութիւնը հաստատած է այս ճշմարտութիւնը, եւ գիտական հանրութիւնն այլեւս չի վիճարկեր Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը», ըսած է նախարարը: Ի դէպ, նախարարը այս տարի, Ապրիլ 24ին, նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հետ պիտի մասնակցի Երեւանի մէջ կայանալիք Ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւններուն:
Միջազգային գիտական խորհուրդին եւ Հայկական կազմակերպութիւններու միացեալ խորհուրդին նախաձեռնած եռօրեայ սոյն գիտաժողովին կը մասնակցին աշխարհի տարածքէն Փարիզ ժամանած աւելի քան 70 պատմաբաններ, ուսումնասիրողներ եւ մտաւորականներ՝ ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ իրագործուած այլ յանցագործութիւններու վերաբերեալ իրենց հետազօտութիւնները:
Անոնց շարքին են՝ Իվ Թերնոն, Ստեփան Աստուրեան, Էրտալ Քայնար, Քլեր Մուրատեան, Ռէյմոնտ Գէորգեան, Ումիթ Քիւրտ, Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Արա Սարաֆեան եւ Թաներ Աքչամ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.