ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Հայաստանի եւ Ռուսիոյ կառավարութիւններուն միջեւ պիտի կնքուի Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան գործընթացի ծիրէն ներս Հայաստանին արհեստագիտական աջակցութիւն ցուցաբերելու համաձայնագիր: Այս համաձայնագիրով Ռուսիա Հայաստանին պիտի տրամադրէ 47 միլիոն տոլարի եւ 130 միլիոն ռուբլիի անհատոյց օժանդակութիւն:
Համաձայնագիրի նախագիծը ընդ-գրկուած է ՀՀ կառավարութեան Մարտ 26ի նիստի օրակարգին մէջ:
Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական տարածքին միանալու «Ճանապարհային քարտէսով» նախատեսուած թիւով վեց ուղղութիւններով (մաքսային վարչարարութիւն, արհեստա-գիտական կարգաւորումներ, առողջապահական, բուսական առողջապահական եւ անասնաբուժական միջոցառումներ, վիճակագրութիւն, արդիւնաբերութիւն, ընդհանուր տեղեկատուական տարածքի կառուցում եւ ընդելուզուած տեղեկատուական համակարգի ստեղծում) ձեռնարկներու իրականացման նպատակով Հայաստան դիմած էր Ռուսիոյ՝ դրամաշնորհային միջոցներ ստանալու հարցով: Ռուսական կողմին ներկայացուած էր նաեւ համապատասխան աշխատանքներու համար անհրաժեշտ աշխատանքներու, ապրանքներու եւ ծառայութիւններու ձեռքբերման, վերապատրաստումներու եւ ուսուցման մանրամասն նախահաշիւը:
Նախագիծի հիմնաւորման համաձայն՝ նշուած վեց ուղղութիւններով միջոցառումներու իրականացումը խիստ անհրաժեշտ է ԵՏՄին Հայաստանի անդամակցութեան հետ կապուած գործընթացները սահուն, յաւուր պատշաճի կազմակերպելու համար՝ ապահովելով այդ ուղղութիւններով ՀՀ լիազօր եւ պատասխանատու մարմիններու գործառոյթներու յստակ իրականացումը ԵՏՄ չափանաիշներուն եւ կանոնակարգերուն համապատասխան:
Համաձայնագիրով, մասնաւորապէս, կը նախատեսուի «Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին» 2014ի Մայիս 29ի համաձայնագրին միանալու ծիրէն ներս ՀՀ պարտաւորութիւններու կատարման ապահովման եւ եւրասիական տնտեսական ընդելուզման ծիրէն ներս զարգացնել երկկողմ համագործակցութիւն վերը նշուած վեց ոլորտներուն մէջ:
«Այս նպատակով ռուսական կողմը կը նախատեսէ տրամադրել անհատոյց օժանդակութիւն՝ ընդհանուր 47 միլիոն տոլարի (կամ համարժէք ռուբլի) եւ 130 միլիոն ռուբլիի չափով 3 տարուան ընթացքին՝ սկսած 2015 թուականէն: Ռուսական կողմը այդ գումարներով Հայաստանին պիտի ապահովէ համապատասխան ծառայութիւններու գործունէութեան համար անհրաժեշտ սարքաւորումներով եւ ծրագրային միջոցներով: Միաժամանակ, ռուսական կողմը պիտի կազմակերպէ ՀՀ ներկայացուցիչներու ուսուցումը եւ որակաւորման բարձրացումը», ըսուած է հիմնաւորման մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Menk tkats unenk ed gumare.Ed thkmarnerits menk ognutiun che petke ndunenk. Srank petke lken gyumrin yev koren!