
ՍԱՆԱԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ուրբաթ, Մարտ 20ին, Եմէնի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցան շարք մը անձնասպանական յարձակումներ, որոնք իբրեւ թիրախ ունէին շիիներու երկու մզկիթներ, առնուազն 142 զոհ եւ 345 վիրաւոր պատճառած են։
Ինքզինք իբրեւ ահաբեկչական «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան Եմէնի մասնաճիւղը ներկայացնող խմբակ մը ստանձնած է յարձակումներուն պատասխանատուն՝ զանոնք նկատելով գալիք յարձակումներու «հեղեղ»ի մեկնարկը։