Արթուր Շահնազարեան նշած է, որ հիմնականին մէջ գրած է գիտական աշխատութիւններ Կոմիտասի գործերուն վերաբերեալ, եւ անոնք հատորներով հրատարակուած են, բայց առաջին անգամ ըլլալով գրած է գիրք մը՝ ընթերցողներու լայն շրջանակի համար:
«Մշակոյթի նախարարութեան պատուէրն էր. շնորհակալութիւն եմ ուզում յայտնել նախարարին եւ հրատարակչութեանը: Գրքում ներկայացրի Կոմիտասին եւ հայ ժողովրդին միասին, որովհետեւ Կոմիտասին անհնար է ներկայացնել առանց պատմելու մեր գիւղերի, ծէսերի, տօների, պատմութեան մասին: Այս գրքում խտացուած է Կոմիտասի կենսագրութիւնը՝ իր ժողովրդի նիստուկացին եւ հազարամեակների պատմութեանը զուգահեռ: Ի հարկէ, վերջում ներկայացուած է նաեւ Մեծ Եղեռնը, եւ այն ճանապարհը, որով նա անցաւ այդ ծանր շրջանը: Միաժամանակ, ներկայացուած է, թէ հայութիւնն ինչ ուժ եւ պոտենցիալ է ունեցել մինչեւ Մեծ Եղեռնը, քանի որ գրեթէ Եւրոպան էր նուաճում: Եղեռնը կոտրեց մեր թեւերը, այլապէս՝ Կոմիտասն աշխարհում պիտի աւելի յայտնի լինէր: Շատ ազգեր չունեցան Կոմիտաս, որպէսզի փրկէր իրենց երգը եւ ներկայացնէր բիւրեղեայ մաքուր վիճակով», նշած է Արթուր Շահնազարեան:
Կոմիտասագէտին համաձայն՝ գիրքը տպագրուած է 500 օրինակով, սակայն հրատարակչութիւնը վերահրատարակելու իրաւունք ունի՝ ուզած տպաքանակով:
«Առաջին հարիւր օրինակը բաժանուել է դեսպանատներին եւ այլ օտարերկրեայ ներկայացուցչութիւնների», ըսած է ան:
Շնորհահանդէսին ընթացքին Արթուր Շահնազարեան Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին նուիրած է իր հրատարակած գիրքերուն մէկ մասը:
Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցած է Երեւանի պետական կամերային երգչախումբը (գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար՝ Յարութիւն Թօփիկեան):
«Կոմիտաս» աշխատութիւնը հրատարակուած է պետական պատուէրով, 2015 թուականին, «Զանգակ» հրատարակչութեան կողմէ (խմբագիր՝ Սվետլանա Դանիէլեան):
Փաստագրական ու գեղարուեստական պատումի միջոցով գիրքին մէջ ներկայացուած են Կոմիտասը եւ հայ ժողովուրդը՝ որպէս մէկ էութիւն, մէկ ճակատագիր: Կոմիտասի կեանքին ու գործին միահիւսուած են հայ ժողովուրդի պատմական անցեալն ու ներկան, քաղաքական-հասարակական կեանքը, մշակոյթն ու միջավայրը, հոգեբանութիւնն ու կենսափիլիսոփայութիւնը, անոր նիստուկացը, ծէսն ու աշխատանքը, հաւատքն ու երազները: Հեղինակը նշած է. «Կոմիտաս երեւոյթը միայն երաժշտութիւն չէ, մեր բնաշխարհն է նաեւ, մեր պատմութիւնը, հազարամեակների մշա-կոյթը՝ արտայայտուած երաժշտութեան լեզուով»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.