
ԵՐԵՒԱՆ.– 13 Մարտին աւարտած է Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութեան Հայաստան տուած պաշտօնական այցելութիւնը։
Հարուստ օրակարգով այցելութեան ընթացքին պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի, նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի, Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր ղեկավարման մարմինի պետի առաջին տեղակալ զօր. Էնրիկօ Ապրիամովի, պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան, ռազմական արդիւնաբերութեան, մարդուժի եւ ռազմական կրթութեան, մարտական պատրաստութեան, թիկունքի եւ սպառազինութեան վարչութիւններու պետերուն հետ, այցելութիւններ կատարած է պաշտպանութեան նախարարութեան տարբեր ստորաբաժանումներ, ուսումնական հաստատութիւններ եւ ռազամարդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ:
Քննարկուած են ռազմական կրթութեան, վարժանքներու, խաղաղապահութեան, համակարգներու ապահովման եւ ռազմական արդիւնաբերութեան ոլորտներուն առնչուող հարցեր: Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է մօտիկ ապագային կազմակերպելու երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու փոխադարձ այցելութիւններ։
Այցելութեան աւարտին պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան եւ Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը գլխաւորող գնդապետ-զօրավար Մանուէլ Քիրեճեան ստորագրած են 2015 թուականի երկկողմանի ռազմական համագործակցութեան համաձայնագիրը։