ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Մինսկի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցով 12 Մարտին կայացած հանդիպումները օգտակար էին։ «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ այս հաստատումը կատարած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքը՝ դիտել տալով, որ իրենք անհամբեր կը սպասեն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի բոլոր անդամներուն հետ աշխատանքին։
Միւս կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի բանբեր Դաւիթ Բաբայեան անդրադարձած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահին ատրպէյճանական «ԱՓԱ» գործակալութեանը տուած հարցազրոյցին ընթացքին կատարած այն յայտարարութեան, որ բանակցութիւններուն ընթացքին պէտք է նկատի առնուին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան շահերը։ Բաբայեան ըսած է. «Չնայած անուղղակի ձեւով է ասուած, սակայն, այնուամենայնիւ, պարզ է, որ առանց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը չի կարող կարգաւորուած լինել: Սա կարեւոր յայտարարութիւն են համարում». այս մասին կը գրէ «Թերթ»ը:
Ուորլիքի համաձայն՝ նկատի առնելով, որ պէտք է բանակցութիւններուն ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան շահերուն կարեւորութիւն տրուի, համանախագահները այցելութիւններ կու տան Լեռնային Ղարաբաղ, հանդիպում կ՛ունենան տէ ֆաքթօ ղեկավարութեան եւ հասարակութեան այլ անդամներու հետ։
Բաբայեան դիտել տուած է, որ բնակչութեան շահերը ոչ ոք կրնայ աւելի լաւ գիտնալ ու ներկայացնել, քան Լեռնային Ղարաբաղը։ «Պրակտիկան ցոյց է տալիս, որ խեղաթիւրուած ձեւաչափով՝ առանց Արցախի մասնակցութեան, պարզապէս անհնարին է կարգաւորել հակամարտութիւնը», յայտնած է ան՝ նշելով, որ ոչ թէ Մինսկի խումբի համանախագահներուն, այլ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը թոյլ չի տար, որ Արցախ մասնակցի բանակցութիւններուն:
«Բոլոր ողջամիտ մարդիկ, առաւել եւս քաղաքական գործիչները, դիւանագէտները, հասկանում են, որ պէտք է վերականգնուի լիարժէք ձեւաչափը», ըսած է ան։
Նախագահներուն հերթական հանդիպման նախապատրաստութեան անդրադառնալով՝ Դաւիթ Բաբայեան ըսած է. «Կարծում եմ, որ հերթական հանդիպմանը հիմնական շեշտը կը դրուի տարածաշրջանում խաղաղութիւն պահպանելու վրայ, որովհետեւ վերջերս Ադրբեջանը սկսել է շատ աւելի կոպիտ ձեւով խախտել զինադադարի ռեժիմը»:
Բացի ատկէ, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի բանբերը նկատել տուած է, որ ամրան Պաքուի մէջ կը սպասուին Եւրոպական ամառնային խաղեր, որոնց պատճառով աւելի կարեւորութիւն կը տրուի զինադադարի դրութեան յարգման։ «Այն, որ պահպանւում է զինադադարի ռեժիմը, խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը, դա արդէն առաջընթաց է: Մենք միշտ պէտք է դիտարկենք հակամարտութիւնը ոչ թէ այն տեսանկիւնից, թէ այն վերջնականապէս կարգաւորուեց, այլ, ամենաիրատեսականը՝ տարածաշրջանում խաղաղութիւնն ու կայունութիւն պահպանելը, եւ բոլոր այդ հանդիպումներն այդ դերակատարութիւնն ունեն», նշած է ան։
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ձերբակալուած եւ դատապարտուած ատրպէյճանցի հետախուզող–ներթափանցողներուն մասին Ուորլիքի յայտարարութեան, որ կողմերուն ձերբակալած մարդոց ազատ արձակումը մարդասիրական քայլ կը նկատէ՝ Դաւիթ Բաբայեան ըսած է. «Մենք մարդասիրութեան ամենաբարձր օրինակ ենք ցուցաբերել՝ այդ դիվերսանտների հանդէպ ինքնադատաստան չկիրառելով, այլ, ինչպէս վայել է ժողովրդական նորմերին, բաց եւ թափանցիկ դատավարութեան միջոցով նրանց մեղքը ապացուցելով»:
Անդրադառնալով շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակին՝ Ուորլիք ըսած է, որ կացութիւնը կը շարունակէ լարուած մնալ, սակայն Յունուարի աւարտին որոշ չափով կայունացած է: «Մենք կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն՝ պահպանելու զինադադարի դրութիւնը՝ խաղաղ բանակցութիւններուն համար բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելով: Նախագահներուն հետ մեր հանդիպումներուն ընթացքին անոնք հաստատեցին, որ կողմ են խնդիրի խաղաղ կարգաւորման եւ յայտարարեցին, որ նկատի պիտի առնեն զինադադարի դրութեան պահպանման առաջարկները: Մեր առաջարկները պիտի կանխեն միջադէպերը, որոնք կրնան պատճառ ըլլալ լարուածութեան աճին: Յոյսով ենք, որ կողմերը պիտի կարենան համաձայնութիւն գոյացնել այլ հարցերու առնչութեամբ եւս», դիտել տուած է Ուորլիք։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.