ԵՐԵՒԱՆ.– 10 Մարտին Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան նախաձեռնութեամբ, ՀՅԴի ներկայացուցիչներ Արմէն Ռուստամեան, Աղուան Վարդանեան եւ Լիլիթ Գալստեան հանդիպում ունեցած են Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոմիութեան դեսպաններուն հետ: ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի մամլոյ դիւանէն կը տեղեկացնեն, որ հանդիպման մասնակցած են Բրիտանիոյ, Պուլկարիոյ, Էսթոնիոյ, Լեհաստանի, Ռումանիոյ, Իտալիոյ, Յունաստանի, Չեխիոյ եւ Լաթվիոյ դեսպանները, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ դեսպանորդները:
Հանդիպման հիւրընկալը՝ Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար Թրայեան Հրիստէան, ընդգծելով նման ձեւաչափով քաղաքական հանդիպումներու եւ քննարկումներու կարեւորութիւնը, խօսքը փոխանցած է ՀՅԴի ներկայացուցիչներուն՝ ներքաղաքական եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն առնչութեամբ ՀՅԴի պատկերացումներն ու ծրագիրները ներկայացնելու:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան էական նկատած է եւրոպական չափանիշներով պետութեան կառուցման հեռանկարը՝ ընդգծելով կուսակցութեան ծրագրային փաստաթուղթերուն մէջ ամրագրուած եւրոպական արժեհամակարգին նկատմամբ ՀՅԴի հաւատարմութիւնը։ Ան նաեւ ներկայացուցած է ՀՅԴի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններն ու ընթացիկ ժամանակաշրջանի առաջնահերթութիւնները:
Սահմանադրական բարեփոխումներուն վերաբերող ՀՅԴի հայեցակարգի կարգ մը դրոյթներուն անդրադարձած է ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան՝ կարեւոր նկատելով այս ուղղութեամբ խորհրդարանական կառավարման եւրոպական երկիրներուն փորձը, ինչպէս նաեւ Վենետիկի յանձնախումբի փորձագիտական եզրակացութիւնը մայր օրէնքի յառաջիկայ մշակման հանգրուանին։
Լիլիթ Գալստեան անդրադարձած է Եւրոմիութեան հետ գործընկերութիւնը շարունակելու խնդիրին՝ առանձնացնելով գործակցութեան այնպիսի բաղադրիչներ, որոնք պիտի նպաստեն երկրին մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու կայացման ու գործընթացներու խորացման:
Եւրոմիութեան կարգ մը դեսպաններ յատկապէս անհրաժեշտ նկատած են ձեւաւորումը ընկերային ու քաղաքական համախոհութեան այնպիսի մթնոլորտ մը, որ առիթ պիտի տայ ապահովելու Սահմանադրութեան բարոյական օրինականութիւնը, համոզիչ ըլլալը ու նպաստելու վերջինիս գործադրութեան։
Դեսպանները նաեւ հետաքրքրուած էին ներքաղաքական վերջին դէպքերու պարունակին մէջ ՀՅԴի ունեցած դերակատարութեան ու իշխանութեան հետ հետագայ գործակցութեան ձեւաչափին առնչուող հարցերով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.