Այս գծով ոստիկանութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ռուս սահմանապահներուն մօտ պայմանագրային զինուոր Արթուր Աֆեանի փնտռտուքի աշխատանքները սկսած էին 21 Փետրուարին, երբ անոր կինը հաղորդած էր, որ իր ամուսինը տուն չէ վերադարձած։
Ա. Աֆեան իր ստորաբաժանումէն արտօնութիւն առած էր այցելելու Գիւմրիի մօտ գտնուող գիւղին մէջ ապրող իր ընտանիքին, սակայն անհետ կորսուած էր։
Ոստիկանութեան աղբիւրներուն համաձայն՝ Աֆեանը գտնուած է Շիրակի մարզի Մայիսեան գիւղի յարակից տարածքին մէջ՝ հորի մը մէջ կախուած վիճակի մէջ:
«Յարուցուել է քրէական գործ՝ Քրէական օրէնսգրքի 104րդ յօդուածի 1ին մասի յատկանիշներով (սպանութիւն): Նշանակուել է դատաբժշկական փորձաքննութիւն՝ պարզելու Աֆեանի մահուան պատճառը եւ վաղեմութիւնը», յայտարարած է Հայաստանի քննչական կոմիտէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.