ՊԸՐՊԵՆՔ.- Փետրուար 10ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով, Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առիթով, երեկոյեան ժամը 6ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Քանատահայոց թեմի առաջնորդ Աբգար եպս. Յովակիմեանը:
Պատարագի աւարտին, առաջնորդներ Տէրտէրեանի եւ Յովակիմեանի ու Վաչէ արք. Յովսէփեանի ձեռամբ, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն հայ նահատակներուն, 28 խաչերու օծում կատարուեցաւ Մայր տաճարի դասին մէջ, որպէսզի հոգեւոր հովիւները զանոնք տանէին իրենց եկեղեցիները եւ զետեղէին եկեղեցւոյ ներքին պատերէն մէկուն վրայ:
Արարողութեան աւարտին, սարկաւագներ եւ հոգեւորականներ թափօրով սրբազան հայրերը առաջնորդեցին Մայր տաճարի հիւսիսային դրան կից զետեղուած յուշարձանին շուրջ, ուր առաջնորդը օծումը կատարեց յատկապէս պատրաստուած յուշաքարի մը, որուն վրայ քանդակուած էր «Է» տառը, որ կը խորհրդանշէ «Էութիւն», «Աստուած»: Այս յուշաքարը պիտի զետեղուի Սքացտէյլի (Արիզոնա) համայնքային համալսարանի համալիրէն ներս, իսկ զայն իրականացնելու համար մեծ ջանք թափած էր ցեղասպանագէտ Ճան Լիֆիթըն, որ Արիզոնայի Ս. Աբգար Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Զաքարիա քհնյ. Սարիբէկեանի, Ծխական խորհուրդի անդամներ Պերճ սրկ. Մանուկեանի ու Ռաֆֆի Յակոբեանի հետ ներկայ էր այս արարողութեան:
Սրբազանը գնահատեց Լիֆիթընի կատարած հիանալի ծառայութիւնը՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ, եւ հրաւիրեց հիւրը, որ իր սրտի խօսքը փոխանցէ։ Ան յայտնեց, թէ Թուրքիոյ անպատիժ մնալուն պատճառով, 1915էն մինչեւ այսօր, 200 միլիոն մարդ զոհ գացած է զանազան ցեղասպանութեանց: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին, որ օծած էր յուշաքարը, որ իր պատշաճ վայրին մէջ պիտի զետեղուի՝ մեծ թիւով ուսանողներու ծանօթացնելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Սրբազանը նաեւ ներկայացուց Գասպար Ղարիպեանը, որ այս յուշաքարը քանդակած էր: Արարողութեան աւարտին, առաջնորդարանի «Համբար» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.