
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամ, Ծերակոյտին մէջ Սուրիոյ հետ բարեկամութեան յանձնաժողովի նախագահ Ժան Փիեռ Վիալ եւ ծերակուտական Ֆրանսուա Զոչեթօ այցելած են Դամասկոսի հայկական եկեղեցին:
Ծերակուտականները ընդունած է Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեան՝ անոնց հետ քննարկելով երկրի իրավիճակը. այս մասին հաղորդած է Սուրիոյ պետական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը:
Նալպանտեան նշած է, որ Թուրքիան յարձակողապաշտ դեր ունի այս ճգնաժամին մէջ՝ սահմանները բանալով ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն համար, որոնք Քեսապի եւ այլ վայրերու մէջ սուրիահայերու սպանդ իրականացուցած են:
Եպիսկոպոսը նշած է, թէ հայերը Սուրիոյ մէկ մասնիկն են եւ ճգնաժամէն համընդգրկուն ելք կ՛ուզեն: «Բազմաթիւ անմեղ մարդիկ սպաննուած են Դամասկոսի մէջ՝ ահաբեկիչներու գրեթէ ամէնօրեայ յարձակումներուն պատճառով», ըսած է ան, յիշեցնելով, որ հայկական եկեղեցին երկու անգամ յարձակումներու թիրախ դարձած է, եւ հոն զոհուած են երեխաներ:
Իր կարգին, ծերակուտական Վիալ ընդգծած է, թէ Սուրիան միշտ եղած է տարբեր դաւանանքներու մարդկանց տուն եւ համակեցութեան եւ հանդուրժողականութեան օրինակ կը մնայ: