ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Իթար-Թասս» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն Երկուշաբթի, Փետրուար 23ին յայտնած է, որ Թուրքիա առանձնաբար պիտի չկարենայ դեմ դնել օտարերկրացի զինեալներուն, որոնք կը փորձեն ահաբեկչական «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան շարքերուն միանալ: «Արդէն արտաքսած ենք 1400 կասկածելիներ, որոնք կը նկատուին օտար վարձկաններ», ըսած է Քալըն եւ աւելցուցած. «Պաշշար Ասատի բանակը «Իսլամական պետութիւն»ը կ՛օգտագործէ Սուրիական ազատ բանակին դէմ: Եթէ Ասատի բանակը ամէն օր կը ռմբակոծէ Սուրիական ազատ բանակը, ապա ինչո՞ւ չի հարուածեր «Իսլամական պետութիւնը»»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
inchu duk chek rmbakotsum slamakan petutian banake?amerikan iravunk chi talis?