ՄՈՍԿՈՒԱ.- «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատած է Ռուսիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ միջեւ պետական սահմանները ճշդող համաձայնագիրի ստորագրումը:
Նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը քննադատէ տուեալ փաստը եւ զայն կը գնահատէ իբրեւ հերթական գործողութիւն, որ ուղղուած է Վրաստանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ, ինչպէս նաեւ զայն կը նկատէ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու փոփոխութեան արհեստական փորձ»: Նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Հարաւային Օսեթիան Վրաստանի անքակտելի մասն է:
Յիշեցնենք, որ Չորեքշաբթի օր, Ռուսիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ արտաքին գործոց նախարարները Մոսկուայի մէջ ստորագրեցին նշեալ համաձայնագիրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.