Բացի այն, որ Թուրքիան իր սեփականութիւնը դարձուցած է արաբական ժողովուրդներու առասպելը, անիկա նաեւ կ՛իրականացնէ ծպտեալ քարոզչութիւն: Ժամանակակից դրուագաշարը կը ներկայացնէ Թուրքիան, «թրքական մշակոյթը», «պատմութիւնը» եւ ներկայ «ժողովրդավարական» կարգերը:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ դրուագաշարի ցուցադրութիւնը յարուցած է Լատինական Ամերիկայի երկիրներու մէջ ապրող հայութեան դժգոհութիւնը: «Ասիկա փորձ մըն է ներխուժելու այն երկիրները, ուր հայկական համայնքը հզօր է եւ փորձելու տարատեսակ միջոցներով տեղի հասարակութեան վերաբերումը փոխել դէպի Թուրքիան եւ անոր պատմութիւնը», ըսուած է Լատինական Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Յանձնախումբը մտահոգիչ կը համարէ հանգամանքը, որ տեղական ամսագիրներն ու հաղորդումները շատ յաճախ կ՛անդրադառնան այդ վիճայարոյց դրուագաշարին եւ կը խեղաթիւրեն իրականութիւնը: Հայ Դատի գրասենեակէն դրուագաշարի ցուցադրման առնչութեամբ տարածուած է յայտարարութիւն՝ շեշտելով, որ իրական Թուրքիան այլ է եւ որեւէ առնչութիւն չունի դրուագաշարի բովանդակութեան հետ:
«Իրական Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւնը Թաքսիմի հրապարակին վրայ հաւաքուած բազմութեան դէմ կշտամբանք կ՛իրականացնէ, իրական Թուրքիան աշխարհի մէջ առաջնակարգ է ձերբակալուած լրագրողներու թիւով, այդ երկրին մէջ փակ են facebook-ն ու Twitter-ը, կ՛ոտնահարուին խօսքի ազատութիւնն ու մարդու իրաւունքը: Իրական Թուրքիոյ մէջ այդ երկրի ազգային փոքրամասնութիւնները մշտապէս ճնշուած են», ըսուած է կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ:
Հայ Դատի յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, որ դրուագաշարը արդէն տարակարծութիւններու տեղ տուած է ոչ միայն հայերու, այլեւ Լատինական Ամերիկայի մէջ ապրող քաղաքացիներու մօտ: Հայ Դատի գրասենեակը համոզուած է, որ դրուագաշարի ցուցադրութիւնն ու թրքական մշակոյթի շուրջ բարձրացած աղմուկը յատուկ ծրագրուած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն կողմէ. անոնք ամէն ձեւով կը փորձեն ազդեցութիւն ունենալ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկներու իրականացման վրայ եւ շեղել միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը այդ ողբերգական թուականէն: Այդ նպատակով անոնք նոյնիսկ զաւեշտալի ձեռնարկ մը ծրագրած են կազմակերպել Ապրիլ 24ին՝ տօնելով Կալիփոլիի ճակատամարտին յաղթանակի օրը, օր մը՝ որ նախորդ 99 տարիներուն երբեք չէ նշուած Ապրիլ 24ին: Այս առումով ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբը կը նշէ, որ ոչ միայն այդ երկրին մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւններն են Էրտողանի զոհերը, այլեւ բոլոր թուրքերը զոհ կ՛երթան այդ քաղաքականութեան: «Բացի այն, որ կ՛ոտնահարուին այդ երկրի քաղաքացիներու նոյնիսկ տարրական իրաւունքները, անոնք տասնեակ տարիներ զրկուած եղած են սեփական պատմութիւնը իմանալու իրաւունքէն: Հերքելով եւ ժխտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թուրքիոյ կառավարութիւնը վնաս կը հասցնէ նաեւ իր ժողովուրդին», կը վստահեցնէ ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակը:
Հասկնալով, որ դրուագաշարի ցուցադրութիւնը առաջին հերթին գործարար ծրագիր է եւ հիմք է տեղական պատկերասփիւռի ընկերութիւններու եւ մամուլի այդքան ծաւալուն անդրադարձին Թուրքիային եւ անոր կեղծ պատմութեան, Արժանթինի հայ համայնքին կարծիքով՝ դրուագաշարի ցուցադրութիւնը պէտք է դադրեցուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.