
Կիրակի, Յունուար 31ին, Փարիզի մէջ, «Անաքօ» տափանաւուն վրայ տեղի ունեցաւ Լուսին Տինքի «SaroyanLand» շարժապատկերի ցուցադրութիւնը, որուն ներածական խօսքը արտասանեց փրոֆ. Տիգրան Գույումճեան:
Շատ հետաքրքրական երեկոյթ մը, այժմէական ու մշակոյթային ու քաղաքական բովանդակութեամբ լեցուն: Շատ խօսուած է Սարոյեանի Հայաստան այցելութեան մասին, որ յաճախ կը վերարծարծուի այն ժամանակուան հայաստանցի գրողներու հետ հանդիպումներու յուշերուն ընդմէջէն: Սակայն Թուրքիա եւ անոր ծնողներուն ծննդավայր Պիթլիս այցելութիւնը կը մնային անարձագանգ, հակառակ Պետրոս Զօպեանի հրատարակած գիրքին՝ «Դէպի Պիթլիս Ուիլիըմ Սարոյեանի Հետ» եւ Սարոյեանի հեղինակած «Պիթլիս» թատերախաղին: Այս աշխատութիւններուն Պոլսոյ մէջ հրատարակութիւնը եւ Լուսին Տինքի շարժապատկերը կու գան վերարծարծելու Սարոյեանի ինքնութեան փնտռտուքի եւ գրական ստեղծագործութեան կարեւոր ներշնչումի աղբիւրներէն մէկուն մասին անդրադարձը:
Լուսին Տինք, Հրանդ Տինքի եղբօր դուստրը, իբրեւ երիտասարդ սերունդի անդամ, Սարոյեանի մասին իր շարժապատկերը կը պատրաստէ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք: Սարոյեանի ինքնութեան հարցադրումը, «ուխտագնացութիւն»ը՝ դէպի իր ծնողներուն ծննդավայրը, Արեւմտահայաստան վերադարձը, գեղարուեստական ճամբով կ՛իւրացուի երիտասարդ բեմադրիչին կողմէ: «SaroyanLand» շարժապատկերը այժմէական է նաեւ անով, որ այսօր Արեւմտահայաստան այցելութիւնը ընդհանրացած երեւոյթ է. Սարոյեան եղած է այն առաջին արկածախնդիրը կամ այն առաջիններէն մէկը, որ յանդգնած է այդ քայլին դիմելու: Անոր այդ շարժումը յետագային ճամբայ բացաւ դէպի արեւելեան շրջանները արշաւներու եւ հայ մնացորդացի որոնումին:
«SaroyanLand» շատ զգայուն եւ նրբին կերպով բեմադրուած է: Սարոյեան տիպարը կը տեսնենք կա՛մ ետեւէն դիտուած, կա՛մ անոր ստուերին միջոցով: Խորհրդածութիւններու ճանապարհորդութիւն մըն է, որուն ընթացքին խօսք կը տրուի թուրք լուսանկարիչ Ֆիքրէթ Օթեամին եւ Տիգրան Գույումճեանին: Առաջինը կը վկայէ ճամբորդութեան մասին, երկրորդը՝ Սարոյեան տիպարին մասին:
Ցուցադրութեան աւարտին շատ ջերմ մթնոլրտի մէջ շահագրգռական հարցումներ եւ վիճարկումներ տեղի ունեցան Սարոյեանի գրական ժառանգութեան շուրջ:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»