ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Շաբաթ, Յունուար 31ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ Անտիոքի ուղղափառ եկեղեցւոյ Նիւ Եորքի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի նոր առաջնորդ Ժոզէֆ արք. Զահլաուիի ի պատիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան: Նորընտիր առաջնորդի գահակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած էր Դեկտեմբեր 6ին, Նիւ Եորքի Ս. Նիկողայոս Անտիոքի ուղղափառ եկեղեցւոյ մայր տաճարին մէջ։
Զահլաուի արքեպիսկոպոս, իր այս պաշտօնին կոչուելէ առաջ, շուրջ 20 տարի ծառայած էր համայնքի Լոս Անճելըսի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի թեմէն ներս: Նոր առաքելութեան սկզբնաւորման առիթով, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան շնորհաւորական նամակ մը յղած էր անոր:
Շաբաթ երեկոյեան, «Sheraton Universal» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած յիշեալ ընդունելութեան առիթով, սրբազանը անձամբ շնորհաւորեց Զահլաուի արքեպիսկոպոսը, որուն հետ ունի երկու տասնամեակներու ծանօթութիւն եւ գործակցութիւն: Իր արտասանած սրտի խօսքին մէջ, առաջնորդ Մարտիրոսեան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի անոր քայլերը առաջնորդէ այս նոր առաքելութեան մէջ: Ան վկայեց, որ Զահլաուի արքեպիսկոպոսը Քրիստոսի հաւատարիմ մէկ ծառան է, իր հօտին բարի հովիւ մը եւ հոգեւոր առաջնորդ մը, որ արժանի է այս պատիւին: Ան իր խօսքը եզրափակեց՝ մաղթելով քաջառողջութիւն, երկնատուր իմաստութիւն եւ կարողութիւն, արժանավայել կերպով վարելու իր թեմը:
Սրբազանը իր խօսքի աւարտին, յանուն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին եւ իբրեւ սիրոյ արտայայտութիւն, ոսկեզոծ ձեռաց խաչ մը նուիրեց Զահլաուի արքեպիսկոպոսին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.