Ըստ ամավարկի առաջարկին՝ Հայաստանին պէտք է յատկացնել 18.36 միլիոն տոլարի տնտեսական օժանդակութիւն, ինչ որ 2 միլիոնով նուազ է 2014ի տուեալէն եւ նուազ քան կէսը՝ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին կողմէ անցեալ տարի առաջադրուած 40 միլիոնին։
Ատրպէյճանի համար կ՛առաջարկուի 8 միլիոն տոլարի տնտեսական օժանդակութիւն, իսկ Վրաստանի համար՝ 50.5 միլիոն տոլարի։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան կոչ ըրած է Սպիտակ տան, որ տնտեսական օժանդակութեան կրճատումը դարմանելու նպատակով սերտացնէ երկկողմանի առեւտուրը։
Միւս կողմէ, 2016 տարեշրջանի ամավարկին մէջ, կ՛առաջարկուի պահպանել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տրամադրուելիք ռազմական օժանդակութեանց (2.3ական միլիոն տոլար) հաւասարակշռութիւնը։ Համբարեան մտահոգիչ կը նկատէ այն, որ յատկապէս այս օրերուն, երբ ատրպէյճանական ուժերը կը շարունակեն հայկական դիրքերու վրայ մահացու յարձակումները, Ուաշինկթըն կ՛առաջարկէ ռազմական օժանդակութիւն տրամադրել Ատրպէյճանի իշխանութեանց։
Համբարեան կը յայտնէ, թէ յառաջիկայ ամիսներուն, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր կարելին պիտի ընէ բարեփոխելու համար այս ամավարկը, որպէսզի կարելի ըլլայ յաւելեալ տնտեսական օժանդակութիւն ապահովել Հայաստանի ու Արցախի իշխանութեանց եւ արգիլել որեւէ ռազմական օժանդակութեան յանձնումը Ատրպէյճանին։
Օպամայի հրապարակած 2016 տարեշրջանի ամավարկին մէջ միջազգային օժանդակութեանց մանրամասնութիւններուն կարելի է ծանօթանալ՝ այցելելով www.state.gov/documents/organization/236395.pdf կայքէջը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Razmakan ojandakoudioun baterazm hrahrel ke nshanake. Tepil!
Kna ISIS-id ogne. ISIS-e ISUS-i het mi kharner. Avanak!
Obaman el lav e haskatsel ed dollarnere ur en korchum.Mer “martunak banakum” katarvatse zzvetsnum e batsi mez ail bolor nrants ovker mi kich giten mer “hpart” haireniki masin.Menk ainkan permyakovner unenk vor ….