ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի վարչութեան, Շաբաթ, 24 Յունուար 2015ի երեկոյեան ժամը 7ին, Հայ Առաջին Երիցական եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սայաթ Նովա» երգչախումբի համերգը, 200է աւելի հանդիսատեսներու ներկայութեամբ:
Համերգի բացման եւ ներկաներու շնորհակալութեան խօսք յայտնեց վարչութեան ատենապետուհի Սրբուհի Մսրեանը, ապա հակիրճ կերպով տեղեկութիւններ փոխանցեց «Սայաթ Նովա» երգչախումբի կազմութեան եւ գործունէութեան առնչութեամբ:
Երգչախումբի 44 անդամ-անդամուհիները, տարազներ հագած բեմ բարձրանալով՝ գրաւեցին իրենց տեղերը եւ արժանացան ներկաներու բուռն ծափահարութիւններուն. ծափերու տարափին տակ, դիմաւորուեցաւ նաեւ երգչախումբի ղեկավար եւ դաշնակահար Նորա Ռումեանը (Պայրամեան)։ Ան փոխանակ բեմ բարձրանալու, դաշնամուրին դիմաց նստելով՝ Ամերիկեան քայլերգը նուագեց. գրաւիչ ձայնով անոր ընկերացաւ Ժագ Սիւթճեանը, ապա խումբը մեկնաբանեց «Մեր Հայրենիք»ը։
Յայտագիրը իր ընթացքը առնելով՝ իրարու յաջորդեցին 8 երգեր, զիրար գերազանցող սքանչելի մեկնաբանութեամբ եւ նրբութիւններու այլազանութեամբ. վեհութեամբ հնչեցին վաղամեռիկ բարեկամիս՝ լուսահոգի Զարեհ սրբազան Ազնաւորեանի «Կիլիկիա» երգը եւ Սայաթ Նովայի «Քամանչան»: Շատ անգամներ լսած եմ մեր «Հելէ-Հելէ»ն, սակայն Ն. Ռումեանի ղեկավարութեամբ եւ մեներգող Րաֆֆի Պայրամեանի ու խումբին կատարողութեամբ, անիկա ստացաւ տարբեր երանգ. գովելի էր գեղջական բառերու ճշգրիտ արտասանութիւնը:
Բոլորովին տարբեր եւ անզուգական մեկնաբանութեամբ կատարուեցան «Սրտիկ Մալուլ», «Հոյ Նար» եւ «Հոյ Նազանի» երգերը, ուր աղջիկներու սոփրանօ եւ տղոց թենոր ձայները ընդելուզուելով՝ գեղեցիկ համոյթ մը կազմեցին, նման ծովափին ժամանող հեզասահ եւ պղպջակ կոհակին, որ հարուածելով ծովափնեայ աւազը՝ կը նահանջէ. «Սայաթ Նովա» երգչախումբի անդամներուն շրթներէն բարձրացող իւրաքանչիւր երգի բառն ու խազը, նման ծովակի ալիքին, մեր սրտերն եւ հոգիները հարուածելէ ետք՝ չնահանջեցին, այլ դրոշմեցին քաղցր յիշատակներ.
Տեսի դաշտերըն Սուրիոյ,
Լեառն Լիբանան եւ իւր մայրեր…
Կարմեր ֆըսթան հագէուծի,
Չուց ալ աղուիր վիլլէոծի.
Հալա, հալա, հալա, նիննոյի…
Եար ջան, դուն բարով եկար,
Կանաչ սարերով եկար,
Խոր-խոր ձորերով եկար:
«Սայաթ Նովա» երգչախումբի երգերով ջերմացած ներկաները ծափերով դիմաւորեցին «Ղափամա» երգն ու մեներգող Կարօ Գամարեանը։ Ան, ժպիտը շուրթերուն եւ գեղեցիկ բեմականութեամբ երգեց.
Եկան քեռի քեռեկին,
Խնամի ու տեգերկին,
Եկան սանիկ սանամեր,
Հարսնաքոյր, հարսնաղբեր.
æա՜ն, հէյ ջան…
Ելոյթին երկրորդ բաժինը սկսաւ «Աղաւնիներ» երգով։ Դաշնամուրին դիմաց նստած Նորա Ռումեանը՝ ղեկավարն ու դաշնակահարը «Սայաթ Նովա» երգչախումբին, գլխու եւ ձեռքի թեթեւ շարժումներով կը ղեկավարէր չորս ձայնով երգող խումբը, ելոյթի ամբողջ տեւողութեան. իրապէ՛ս տքնաջան եւ հետեւողական աշխատանքի արգասիքն էր, զոր ներկաները վայելեցին:
Քառասուն եւ աւելի երգիչ-երգչուհիներ, կազմ ու պատրաստ՝ կը հետեւէին ղեկավարի գլխու ու ձեռքի շարժումներուն: Հրաչ Խաչիկ ապրումով ներկայացուց «Դու Իմ Հպարտ Հայ Աղջիկ»ը, որուն յաջորդեցին նոյնքան գեղեցիկ ներդաշնակութեամբ երգեր՝ «Կռունկ Բարով Դառնաս», «Ելէք Հայեր», «Միասնութեան Շուրջպար», «10 Միլիոն Հայ Ենք Մենք», «Մեր Անունը Հայկական Բանակ» եւ վերջաւորութեան՝ «Մենք Ենք, Մեր Սարերը»:
Երկրորդ բաժինով, Մարալ Վարժապետեան ներկայացուց Ա. Կիրակոսեանի «Նամակ Առ Հայաստան»ը:
Համազգայինի Շրջանային վարչութեան «Սայաթ Նովա» երգչախումբի սիրելի խմբավար-դաշնակահար եւ երգիչ-երգչուհիներ,
Շաբաթ երեկոյեան ձեր ելոյթի ներկաներուն կողմէ կու գանք մեր շնորհակալութիւնը յայտնելու, որ ձեր անուշ երգերով մեզ խանդավառեցիք. վարձքերնիդ կատա՛ր։ Իրապէ՛ս գնահատելի աշխատանք է, զոր կը կատարէք՝ հայ երգը տարածելու այս օտար ափերուն, կեանքի հեւ ի հեւ աշխատանքին առընթեր։ Կը շնորհաւորենք խմբավար-դաշնակահար Նորա Ռումեանը, որ յաջողած է խումբի իւրաքանչիւր անդամի շրթներուն ծաղկեցնել հայ երգի բառերն ու եղանակը։ Կը շնորհաւորենք ձե՛զ եւ «Սայաթ Նովա» երգչախումբի բոլոր անդամ-անդամուհիները՝ մաղթելով բոլորին ապագայի գործունէութեան լաւագոյն հեռանկարներ: