ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական հաստատութեան մէջ 29 Յունուարին տեղի ունեցած սպանութեան գործով 4 զինուոր ձերբակալուած է։ «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Քննչական կոմիտէի նախագահի խորհրդական Սոնա Տռուզեան՝ աւելցնելով, որ 20ամեայ Հայկազ Բարսեղեանի սպանութեամբ կասկածելի են անոր ծառայակիցները՝ Վաչէ Սահակեանը, Մովսէս Ազարեանը, Գնէլ Թեւոսեանը եւ Նորիկ Սահակեանը: Քննչական կոմիտէն քրէական գործ յարուցած է՝ խումբ մը անձերու կամ կազմակերպուած խումբի կողմէ սպանութեան յատկանիշներով:
Մեղադրանքը հաստատուելու պարագային զինուորները կրնան դատապարտուիլ մինչեւ ցմահ բանտարկութեան:
Առայժմ պաշտօնապէս չի հաղորդուիր, թէ սպանութենէն առաջ արդեօք զինուորը բռնութեան ենթարկուա՞ծ է։ Ռազմական հաստատութեան զինուորական ծառայող Հայկազ Բարսեղեան յայտնաբերուած էր լուսաբացին՝ զօրամասի մարզահրապարակին վրայ պարանով պտտաձողի վրայ կախուած:
Դէպքէն ետք Ռազմական հաստատութեան պետ, զօր. Մարտին Կարապետեանը հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է, զոր, սակայն, ղեկավարութիւնը չէր ընդունած։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
menk el inchu enk paikarum Permiakovin mez handznelu hamar?menk unenk bazmativ permiakovner.amot mez ,amot mer “mer martunak” banakin.