ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կազմած «սեւ ցանկ»ին մէջ անցած է նաեւ «Ազատութիւն» կայանի ատրպէյճանական ծառայութեան աշխատակից Մարքօ Պուֆին, պարզապէս որովհետեւ ան այցելած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն:
Պուֆ Յունուարի սկիզբը այցելած էր Արցախ, ուր նկարած անոր լուսանկարները լոյս տեսած էին «Ազատլըք» թերթին մէջ, իսկ անոր պատրաստած յայտագիրը «Ազատութիւն» կայանէն սփռուած էր Յունուար 5ին:
«Սեւ ցանկ»ին վրայ կան նաեւ տարբեր պետութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, արուեստագէտներ, գիտնականներ, քաղաքական գործիչներ, մարզիկներ եւ լրագրողներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.