
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն՝ բոլոր եկեղեցիները Յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը նուիրած են Եկեղեցւոյ միութեան աղօթքի շաբթուան: Այս շաբթուան ընթացքին, եկեղեցիներէն ներս հոգեւորականներու ու ժողովուրդի մասնակցութեամբ, յատուկ միջ-եկեղեցական արարողութիւններ տեղի կ՛ունենան ու քարոզներ կը խօսուին՝ շեշտելով եկեղեցւոյ միութեան հրամայականը:
Լիբանանի մէջ Եկեղեցւոյ միութեան շաբթուան բացումը կատարուեցաւ Կիրակի, 18 Յունուար 2015ին, Պէյրութի Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ:
Միջ-եկեղեցական արարողութոան ներկայ էին հոգեւոր պետեր, առաջնորդներ եւ հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Սոյն արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոս՝ իր կողքին ունենալով Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը եւ միաբան հայրեր: