ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ համաշխարհային շուկային մէջ քարիւղի գինի անկումին պատճառով, Ատրպէյճանի քարիւղի արդիւնաբերութեան մարզին մէջ զանգուածային կրճատումներ սկսած են:
Նոր տարիէն սկսեալ, Ատրպէյճանի մէջ զանգուածային կրճատումները կը շարունակուին նաեւ «Սթաթոյլ Ազրպէյճան» ընկերութեան մէջ, ուր ամսականաւոր աշխատակիցներուն 50 առ հարիւրը կրնայ պաշտօնազրկուիլ։
Կը նշուի նաեւ, որ «Սթաթոյլ» ընկերութեան մէջ կրճատումներուն պատճառը ոչ միայն քարիւղի գիներուն անկումն է, այլեւ այն, որ ընկերութիւնը որոշած է ընթացիկ տարուան մէջ ամբողջութեամբ լքել «Շահտենիզ» նախագիծը եւ Հարաւկովկասեան կազատարը, որուն մէջ մէկ տարի առաջ ունէր 25.5 առ հարիւրի մասնաբաժին, ապա՝ 15.5 առ հարիւր:
Անցեալ տարեվերջէն սկսեալ, զանգուածային կրճատումներու սկսած էր արդէն Ատրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութիւնը՝ «Սոքար»ը: 2015ի առաջին օրէն կրճատումներու սկսելու մասին յայտարարած էր նաեւ Ատրպէյճանի մէջ քարիւղի արտահանման գլխաւոր ընկերութիւնը՝ «Պրիթիշ Փեթրոլիում»ի «Պի.Փի. Ազրպէյճան» ընկերութիւնը:
Ատրպէյճանի 2015ի պետական ամավարկին մէջ քարիւղի տակառի գինը նախատեսուած է 90 տոլար, մինչ համաշխարհային շուկային մէջ անիկա 50 տոլարէն ցած գինով կը ծախուի:
Ատրպէյճանի պետական ամավարկի 66 առ հարիւրը կը ձեւաւորուի ուժանիւթի արտածումներէն ստացուող եկամուտներէն, գոյութիւն ունի նաեւ անուղղակի կախեալութիւն: Ատրպէյճանի արտածման 95 առ հարիւրը կը կազմեն բնական կազը, քարիւղն ու քարիւղամթերքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.