ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մինչ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Փարիզի մէջ կազմակերպուած քայլարշաւին վրայ եւ անէծք կը տեղացնէր ահաբեկչութեան ու «Շարլի Հեպտօ» երգիծաթերթին դէմ գործուած յարձակումին վրայ, Պոլսոյ մէջ, «Աճզմենտի» աղանդի անդամները խորհրդանշական յուղարկաւորութիւն մը կատարեցին յարձակումը իրականացուցած եղբայրներուն համար։ Աղանդին անդամները նախապէս եւս նման տարօրինակ եւ զգայացունց ձեռնարկներու դիմած են։ Աղանդին ղեկավարը եղբայրները կոչեց նահատակ, աւելցնելով. «Անոնք ստորին ծաղրանկարները դժոխք ղրկեցին»։
Միւս կողմէ, Կալաթասարայի մէջ, երբ մօտաւորապէս 50 ցուցարարներ երգիծաթերթին ի նպաստ ցոյց մը կ՛ընէին, պարզելով «Ես Շարլին եմ» գրուած ցուցատախտակներ ու փորձեցին քալել դէպի Թաքսիմ, ֆրանսական հիւպատոսարան, երկու անձեր մօտեցած են ու պոռացած. «Իսլամներու արիւնը կը հոսի, իսկ դուք դեռ հոս կը խօսիք»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.