ԵՐԵՒԱՆ.– 12 Յունուարին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, որուն հետ քննարկած է Գիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքին դաժան սպանութիւնը:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են տուեալ գործով Հայաստանի եւ Ռուսիոյ իրաւասու մարմիններուն համագործակցութիւնը:
Սերգէյ Լաւրով խնդրած է իրենց ցաւակցութիւնները փոխանցել ոճրագործութեան զոհերուն հարազատներուն՝ վստահեցնելով, որ ռուսական կողմը անհրաժեշտ աջակցութիւնը պիտի ցուցաբերէ յանցագործութեան շուտափոյթ բացայայտման առնչութեամբ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն եւս ցաւակցութիւն յայտնած է զոհուածներուն ընտանիքներուն եւ խոստացած իր հայ գործընկերոջը՝ Սէյրան Օհանեանին, աջակցիլ յանցագործութեան հետաքննութեան մէջ:
Ռուսական մամուլը եւս սկսած է արձագանգելու Գիւմրիի ողբերգութեան: Ըստ «Կազեդա.ռու»ի՝ «Հայաստանի մէջ զանգուածային սպանութեան վայր ուղարկուած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան յանձնաժողովը: Հայաստան գացող ռուսական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ բանակի զօրավար Արկադի Բախինը»:
Նոյն առիթով «Ռաշա Թուտէյ»ի գլխաւոր խմբագիր Մարգարիտա Սիմոնեան Թուիթըրի էջին վրայ գրած է. «Կրեմլը Գիւմրի է ուղարկել Շոյգուի առաջին տեղակալին՝ պարզաբանելու: Կը հետեւենք այս պատմութեանը»: Այլ արձանագրութեան մէջ Սիմոնեան նշած է. «Սարսափելի ողբերգութիւն Գիւմրիում: Պարզապէս սարսափ: Լրիւ խելագարութիւն»:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ 12 Յունուարին 102րդ ռազմախարիսխին մէջ նկատած են զինուորական ծառայողի անհետացումը: Ան անհետացած էր իր զինուորական կազմածով: Ըստ ռուսական մամուլին՝ պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ յայտնուած է, որ անմիջապէս կազմակերպուած է զինուորի որոնումը, սակայն ապարդիւն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Djard u pshur arek ed srikaneri bazan Gyumrium.Durs shprtek ed turkatsvats rusnerin.Mez amot e mer hayrenikum rusneri nerkayutiune.Sergiknerin yev edvardnerin ugharkek irents yerkir rusastan.