ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Գերազանցապէս հայկական ջինջ երաժշտութիւն մը վայելելու հաճոյքը շնորհուեցաւ Ատլանտեանի այս ափին, ու այս արդէն բախտաւորութիւն մը պէտք է նկատել ինքնին, երբ դժբախտաբար, Խաղաղականի ափը տակաւ կը լեցուի հայկականութենէ որքան հեռացած օտարամուտ երաժշտութիւն մը, այն ալ Հայաստանէն արտագաղթած հայերու կողմէ…
Այս երեք շնորհալի երիտասարդ արուեստագիտուհիները՝ Թենի Աբէլեան, Երազ Մարգարեան եւ Անայիս Թեքերեան 2002 թուականէն սկսէալ կ՛երգեն միասին: Այս խումբը բարձրացած է Ամերիկայի զանազան յայտնի բեմահարթակներու վրայ, ինչպէս՝ «Կեթթի» թանգարանը, «Պըրքլի» երաժշտական դպրոցը, «Քարնըկի Հոլ»ի «Ուէյլ» համերգասրահը, «Քենետի» կեդրոն, Նիւ Եորքի «Սիմֆընի Սփէյս», «Սիրք տը Սօլէյ»ի «Մետաքսեայ Ճամբայ» յայտագիրին: Վերջապէս այս Նիւ Եորք կոչուած անտառին մէջ զուլալ հայկական երաժշտութիւն մը ունկնդրելու պարգեւն է, զոր կու տան այս տաղանդաւոր մեր աղջիկները:
Դեկտեմբեր 14, 2014ին, կազմակերպութեամբ Ամերիկայի Հայոց առաջնորդարանին, Նիւ Եորքի «Գաւուքճեան» սրահին մէջ հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր այս յայտագիրին: Հայրական ողջոյնի խօսք յղեց առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան:
Յայտագիրին վրայ կային Սասունի, Վան-Վասպուրականի, Ապարանի, Շիրակի, Շատախի, Մոկաց աշխարհի, Մուշի, Բալուի ժողովրդական երգերէն բացի Կոմիտաս, եւ Աշուղ Աշոտի, Թաթուլ Ալթունեանի, Արմէն Մովսիսեանի ու Յարութիւնեանի ստեղծագործութիւններէն ու երաժշտական պատշաճեցումներէն բաժիններ: