Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի տարեկան ճաշկերոյթ-հանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 14 Դեկտեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը 1ին, եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ։ Ներկայ էին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, ծնողներ եւ բարեկամներ։
Ճաշկերոյթէն անմիջապէս ետք հանդէսը սկսաւ դպրոցի տեսչութեան եւ ուսուցչական կազմին կողմէ պատրաստուած Ս. Ծնունդի պատշաճ ճոխ յայտագիրով, որուն մասնակցեցան կիրակնօրեայ դպրոցի բոլոր աշակերտները։ Ներկաները ուրախ տօնական մթնոլորտի մէջ վայելեցին հոգեւոր ժամեր, ինչպէս գրուած է Սաղմոսներու գիրքին մէջ՝ «Երեսիդ առջեւ լեցուն ուրախութիւն կայ։ Քու աջ կողմդ միշտ հաճութիւններ կան» (Սաղ. 16:11)։
Բացման խօսքը կատարեց կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ Ռաֆֆի Թորոսեան, որ անդրադարձաւ Յիսուս Քրիստոսի առաքելութեան, որ իր երկինքի փառքը ձգելով, աշխարհ եկաւ Բեթղեհէմի մսուրին մէջ ծնաւ եւ ժողովուրդին պարգեւեց փրկութիւն եւ յաւիտենական կեանք։ Ով որ Իրեն հաւատայ եւ ընդունի Զինք՝ իր սիրտին մէջ, պիտի ստանայ այս ձրի պարգեւը։ Ան աւելցուց, որ այս աշխարհի մէջ Յիսուս Քրիստոսէն բացի որեւէ բան չի կրնար մեր հոգիներուն խաղաղութիւն եւ գոհունակութիւն պարգեւել։
Օրուան հանդիսավարն էր պատանեաց անդամներէն Սեդա Ղազարեան, որ շատ յաջող կերպով վարեց հանդէսը։
Նախակրթարանի եւ երէց դասարաններու աշակերտները տպաւորիչ կերպով ներկայացուցին կենդանի պատկեր մը՝ «Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդը», պատրաստութեամբ Նուարդ Մատինեանի եւ պատմող Անժելիկա Մարապեանի։ Անոնք նաեւ արտասանեցին «Նոր պատուիրան մը»ն, երգեցին «Այսօր Տօն է» շարականը եւ «Հեռաւոր Մի Երկրում» հոգեւոր երգը, առաջնորդութեամբ Մարի Խաչերեանի։
Պատանեաց խումբը երգեց «Եկէք միանանք» հոգեւոր երգը, առաջնորդութեամբ Սեդա Ժաւորի եւ Կարօ Պէքարեանի։ Նյուրա Սումբատեան կարդաց Ս. Գրիգոր Նարեկացիէն 93րդ հատուածը։ Քրիստինէ Խոսրովեան ընթերցեց «Կաղանդի Նուէր»ը։
Մանկապարտէզ, Ա. եւ Բ. դասարանները իրենց մանկական խանդավառութեամբ եւ անոյշ ձայներով արտասանեցին «Իմ Սրտի Զարդը», «Իմաստութիւն Հօր», «Եկեղեցին Աստուծոյ Տունն է», եւ երգեցին «Գիշերն իջաւ» եւ «Թող հնչեն զանգերն», առաջնորդութեամբ Հայկանուշ Մկրտչեանի եւ Մարգարիտ Շամլեանի։
Գեղարուեստական բաժինին մասնակցեցան Անժելիկա Մարապեան՝ դաշնամուրի վրայ նուագելով Bach Prelude E. minor, Լուսինէ Մկրտչեան եւ Վանեսսա Նազարեան կատարեցին հայկական պար։ Գէորգ Մկրտչեան տըհոլի վրայ նուագեց Արա Գէորգեանի «Արցախ» նուագը, որուն մասնակցեցաւ փոքրիկն Վարդան Մկրտչեան՝ հայկական պարով։
Օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, որ ողջոյններ եւ մաղթանքներ փոխանցեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանէն։ Տէր հայրը բարձրօրէն գնահատեց կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ Ռաֆֆի Թորոսեանը եւ ուսուցչական կազմը, որոնք նուիրուած կ՛աշխատին Աստուծոյ փառքին համար։
Տէր հայրը ոգեւորուած Ս. Ծնունդի ներկայացումէն, գնահատեց այն տպաւորիչ տեսարանը, ուր բոլոր աշակերտները սիրուն լուսաւոր սիրտեր ունենալով իրենց ձեռքին՝ զետեղեցին զանոնք Յիսուս մանուկի մսուրին առջեւ՝ իբր նուէր։ Ան յայտնեց, որ եթէ մեր սիրտերը նուիրենք Յիսուսին, ինքն ալ մեզ Աստուծոյ որդիներ կը դարձնէ։
Տէր հայրը նաեւ կոչ ուղղեց կիրակնօրեայի պատասխանատուներուն, որ ձեռնարկ մը պատրաստեն գալիք տարուան համար՝ նուիրուած Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին։
Յայտագիրի վերջաւորութեան, Կաղանդ պապան այցելեց՝ կիրակնօրեայի աշակերտները ուրախացնելով եւ բոլորին նուէրներ բաժնելով։
Տէր հօր «Պահպանիչ»ով եւ օրհնութեան աղօթքով վերջ գտաւ հանդէսը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.