ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Նահանգային 43րդ շրջանին մէջ բնակող Դեմոկրատ կուսակցութեան անդամները յառաջիկայ Կիրակի օր պիտի ընտրեն իրենց պատգամաւորները: Քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 11 Յունուարին, կէսօրէն ետք ժամը 1-3, Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի մէջ:
Քուէարկութեան կրնան մասնակցիլ Պըրպենքի, Կլենտէյլի, Լա Քանիատայի, Լա Քրեսենթա-Մոնթրոզի, Լոս Ֆելիզի եւ Փոքրիկ Հայաստանի շրջանին մէջ բնակող Դեմոկրատ կուսակցութեան անդամագրուած քաղաքացիները:
Կը դիմենք մեր հայրենակիցներուն՝ մասնակցելու այս ընտրութեան եւ քուէարկելու հետեւեալ ցանկերուն, որոնց ցուցակներուն մէջ կան մեր համայնքին մէջ գործօն հայորդիներ. տղամարդ թեկնածուներու ցուցակին մաս կը կազմեն՝ Պերճ Կարապետեանը, Շանթ Սահակեանը, Կարէն Եղբայրեանը, Յարութ Մանուկեանը, Ստեփան Պօյաճեանը, Կարեթ Ադամեանը եւ Լէոնարտ Մանուկեանը, իսկ կանանց ցուցակին մէջ կը գտնուին Էլէն Ասատրեանը, Ալին Պապայեանը, Սիլվա Քէշիշեանը, Թերեզա Երէմեանն ու Ալինա Սարգիսեանը:
Իւրաքանչիւր անձ կրնայ եօթ տղամարդ եւ եօթ կին թեկնածուի օգտին քուէարկել:
Նոյն օրը պիտի կայանայ նաեւ քուէարկութիւնը Դեմոկրատներու վարչական մարմինի անդամներուն, որուն իր թեկնածութիւնը ներկայացուցած է յայտնի հասարակական գործիչ Պերճ Կարապետեանը:
Քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլ քոլեճի J.W. Smith Student Center-ին մէջ, 1500 North Verdugo Road:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.